Ատրպէյճանի զինուուած ուժերու ստորաբաժանումները 14 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:50ի շուրջ, հրաձիգներով կրակ բացին Վերին Շորժայի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ վիրաւորելով զինուոր մը, որուն վիճակը կը նկատուի ծանր:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանցիներու պնդումը, թէ 13 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 10:45էն մինչեւ 14 Օգոստոս առաւօտեան ժամը 7:05 Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ զայն որակելով ապատեղեկատուութիւն:
Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը հաղորդեց, որ հայկական զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձիգներով կրակ բացին Քելբաջարի եւ Նախիջեւանի հատուածներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ:
Մինչ այդ, նոյն օրը առաւօտուն, Պաքու այլ ապատեղեկատուութեամբ մը յայտարարեց, որ իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերը մեծ քանակութեամբ զէնք, ռազմական սարքեր եւ անձնակազմ կեդրոնացուցած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին: Հայկական կողմը հերքեց այս հաղորդագրութիւնը՝ վերահաստատելով, որ Հայաստան բանակ չունի Արցախի մէջ:
Պաքու աւելի հեռու երթալով՝ զգուշացուց, թէ ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը՝ «բոլոր օրինական միջոցներով»: Անիկա պնդեց, որ իր տարածքին մէջ «ապօրինի կերպով տեղակայուած Հայաստանի զինուած ուժերը» վերջին շաբաթներուն աշխուժացուցած են ռազմական-երկրաչափական աշխատանքները՝ խախտելով միջազգային օրէնքը, ինչպէս նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութիւնը:
Պաքու նաեւ շեշտեց, որ յատկապէս մտահոգ է օգտագործումով ռատիօելեկտրոնային պայքարի միջոցներու, որոնք «ապօրինի կերպով տեղակայուած են Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքին մէջ եւ վտանգ կը ներկայացնեն քաղաքացիական ինքնաթիռներու ապահովութեան»:
«Այսպիսի գործողութիւններ կ՛ապացուցեն, որ Հայաստան չի հրաժարիր Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն, եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան բանաւոր ճանաչումը կը տարբերի գետնի վրայ Երեւանի գործողութիւններէն», պնդեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հայաստան արձագանգեց Պաքուին՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի՝ Հայաստանին վերաբերող ապատեղեկատուութեան տարածումը կը վկայէ տարածաշրջանին մէջ իրադրութիւնը լարելու Պաքուի մտադրութեան մասին: Անիկա կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ զերծ մնալու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնը նուազեցնելու ուղղուած բոլոր քայլերէն:
«Հայաստանը վերահաստատում է խաղաղութեան օրակարգին եւ բանակցութիւնների ընթացքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններին կառավարութեան հաւատարմութիւնը եւ միջազգային հանրութեան բոլոր դերակատարներին, որոնք հետաքրքրուած են տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ, կոչ է անում գործի դնել իրենց տրամադրութեան տակ առկայ ողջ գործիքակազմը՝ ադրբեջանական կողմին կառուցողական դաշտ բերելու նպատակով», կ՛ըսուի Երեւանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ՝ աւելցնելով, որ նման պայմաններու մէջ աւելի հրատապ կը դառնայ Արցախ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստանի առաջարկը, որ բազմիցս մերժուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ:
«Ակնյայտ է նաեւ, որ Ադրբեջանի կողմից կազմակերպուող ապատեղեկատուական արշաւի նպատակներից մէկը Լեռնային Ղարաբաղում օր օրի ահագնացող հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամից եւ հումանիտար աղէտի հրահրման միջոցով էթնիկ (ցեղային) զտումներ իրականացնելու իր քայլերից միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելն է», կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պաքուին պատասխանեց նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան առաքելութիւնը՝ հաստատելով, որ իրենք ամէնօրեայ հսկողութեան ընթացքին չեն նկատած ռազմական տեղաշարժ կամ զօրքերու կուտակում յատկապէս Լաչինի միջանցքի մուտքի մօտ՝ փաստացի կերպով հերքելով Ատրպէյճաի պնդումը՝ սահմանին զօրքերու կուտակման վերաբերեալ: