Ատրպէյճանի ամէնէն ազդեցիկ ընդդիմադիր ուժերէն մէկը՝ «Ժողովրդական ճակատ»ը, կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ պատժամիջոցներ սահմանելու Ալիեւի վարչակազմին դէմ՝ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն համար:
«Ալիեւի վարչակարգը յամառօրէն կ՛ուզէ Ատրպէյճանը վերածել Հիւսիսային Քորիայի», յայտարարեց ընդդիմադիր ուժը՝ ընդգծելով, որ վարչակազմը վերջին շրջանին աւելի սաստկացուցած է ճնշումները այլախոհներուն նկատմամբ:
Կը ձերբակալուին ոչ միայն քաղաքական գործիչները եւ լրագրողները, այլ նաեւ շարքային մարդիկ, որոնք կը համարձակին բողոքի ձայն բարձրացնել: Շաբաթներ առաջ, օրինակ, ատրպէյճանցի տասնեակ առաքիչներ շարժակաւոր հեծանիւներով գործադուլ ըրին՝ պնդելով, թէ ոստիկանութիւնը կը տուգանէ զիրենք ամէն քայլափոխի, իսկ օրէնքը աշխատանքային իրաւունքները չի պաշտպաներ: Ցոյցին յաջորդ օրն իսկ երիտասարդները յայտնուեցան:
Կայ աւելին, Զիյաֆետ Ապասովա անունով 51ամեայ կին մը, որ իշխանութեան հասցէին քննադատութիւններով ճանչցուած է, ամիսներ առաջ ուղղակի անհետացաւ, իսկ աւելի ուշ հարազատները զայն գտան հոգեբուժարանին մը մէջ։
Կառավարութեան շէնքին մօտ տեղի ունեցած զրոյցին ատեն ան ըսաւ, որ գող եւ աւազակ կառավարութիւնը խլած է իր 8 տարիներու թոշակը եւ արտօնութիւն չի տար, որ աշխատի` յայտարարելով, որ անոնք կը գողնան եւ կը խլեն իր բոլոր իրաւունքները:
Այս յայտարարութենէն ետք իրաւապահները զայն նախ ոստիկանութիւն տարին, ապա՝ հոգեբուժարան, առանց դատարանի որոշման կամ բժշկական ցուցմունքին: Կինը ազատ արձակեցին շաբաթներ ետք՝ հարկադիր բուժումներէ ետք միայն:
«Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը որ յայտնի է միապետութեամբ եւ բռնապետական սովորութիւններով, սպառնալիք կը նկատէ որեւէ կազմակերպութիւն եւ բողոքի ցոյց, որ իր վերահսկողութենէն դուրս է», յայտարարեց «Ժողովրդական ճակատ»ը:
«Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն շարժում»ը հաշուեց նախորդ երեք ամիսներուն Ալիեւի վարչակազմի ձերբակալութիւնները՝ նշելով, որ 34 անձեր ազատազրկուեցան իրենց քաղաքական հայեացքներուն համար: Ըստ կազմակերպութեան վերջին տուեալներուն՝ այժմ Ատրպէյճանի մէջ կան առնուազն 204 քաղաքական բանտարկեալներ: Ասիկա միայն վերջին արարն է մնայուն բռնաճնշումներուն, զորս աւազակապետութիւնը կը բանեցնէ ոեւէ մէկուն դէմ, որ կը յանդգնի խօսիլ տարրական իրաւունքներու մասին eւ քննադատել Ատրպէյճանի իշխանութիւնները», «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ գրած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Քոզլարիչ՝ աւելցնելով, որ ժամանակն է խօսքէն գործի անցնելու եւ պատժամիջոցներ սահմանելու ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ:
«Մենք նման բան ըրած են ռուս պաշտօնեաներու պարագային, Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, մինչդեռ, ամենաթողութիւն կը վայելէ: Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է առաջնորդութիւն ստանձնել մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն համար պատասխանատուութեան կանչելու առումով», աւելցուց Քոզլարիչ: