Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի Հիւսիսային Ամերիկայի սանուց միութեան, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ Երուսաղէմի պատրիարքութեան բարեկամներու եւ Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի բարեկամներու, «ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՕՐ» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունիս 19ին, 2007, երեկոյեան ժամը 7ին առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ, Պըրպէնք:
Ձեռնարկին նպատակն էր Հայ Երուսաղէմը ծանօթացնել մեր համայնքին՝ քաջալերելով Երուսաղէմ ուխտագնացութիւնը: Հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան լուսարարապետ Նուրհան արք. Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ հիւպատոց Յարութիւն Կոջոյեան եւ ՀՀ ուժանիւթի նախկին նախարար Սեպուհ Թաշճեան:
Օրուան հանդիսավարն էր հասարակական գործիչ Բարսեղ Գարթալեան: Հայաստանի քայլերգը երգեց Դաւիթ Սամուէլեան: Բարի գալստեան եւ բացման խօսքէն ետք հանդիսավարը հրաւիրեց Սիլվա Նաթալի-Մանուկեանը, որ «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի մասին զեկոյց մը ներկայացուց, որուն բարեկարգման համար 1995 թուականէն ի վեր մասնաւոր ջանք կը թափէ Թորգոմ պատրիարքի օրհնութեամբ:
Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան հանգամանօրէն ներկայացուց Սրբոց Յակոբեանց պատրիարքութիւնն ու անոր դարաւոր հոգեւոր առաքելութիւնը Սուրբ երկրի մէջ եւ թելադրեց կարգ մը առաջարկներ շուրջ չորս հազար հաշուող ձեռագիրներու եւ սրբատեղիներու պահպանման համար:
Կարդացուեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ եւ Երուսաղէմի միաբան Աղան արք. Պալիօզեանի ողջոյնի, քաջալերութեան եւ օրհնութեան խօսքը: Նման պատգամ մը ղրկած էր նաեւ Երուսաղէմի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեան:
Այս առթիւ տպուած էր «Հայ Երուսաղէմ» խորագրով գրքոյկ մը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Խօսք առնելով, Նուրհան սրբազան ներկաներուն փոխանցեց Թորգոմ պատրիարքի սիրալիր ողջոյններն ու օրհնութիւնները եւ ապա կոչ ուղղեց բոլորին, որ իբրեւ ուխտաւոր այցելեն Երուսաղէմ:
Տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւն Երուսաղէմի նկարներու եւ վանքի տպարանէն լոյս տեսած գիրքերու վաճառք: Իսկ յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: