Կիրակի, Մայիս 6, 2007ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ վարժարանիս 27րդ տարեկան ճաշկերոյթը՝ Փասատինայի Հայ կեդրոնի շքեղ սրահին մէջ։
Սրահի մուտքին հիւրեր եւ ծնողներ կը դիմաւորուէին եւ բարի գալուստի գեղեցիկ խօսքերով ներս կ’առաջնորդուէին վարժարանի երկարամեայ ծառայողներ՝ Արտա Իփէքեանի, Վարդուկ Աւետիքեանի եւ Մարիա Վարդանեանի կողմէ։
Յայտագրի բացումը կատարեց վարժարանի նուագախումբը, կատարելով «Արեգակ» ստեղծագործութիւնը։ Խմբավար Արտաշէս Սինանեան յայտնեց, թէ երգը կը նուիրուի վարժարանի բազմավաստակ տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանին եւ զուգահեռներ գծեց արեգակի եւ տնօրէնի էական դերակատարութեանց միջեւ։ Գեղեցիկ երաժշտութեան յաջորդեց վարժարանի հիմնադիր անդամներէն եւ այժմու հոգաբարձու վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի բարի գալուստի սիրալիր խօսքը, որմէ ետք հնչեցին ազգային զոյգ քայլերգները վարժարանի նուագախումբի կատարմամբ։
Հոգաբարձութեան անդամ վեր. Տիգրան Շանլեան կատարեց բացման աղօթքը, օրհնեց սեղանները։ Ան խնդրեց Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ առաջնորդութիւնը վարժարանի մեծ ընտանիքի ներկայի եւ ապագայի քայլերուն եւ ծրագիրներուն մէջ։
Բեմ բարձրանալու կարգը «Սահակ-Մեսրոպ»ի երգչախումբինն էր։ Ղեկավարութեամբ Հիլտա Մնակեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժաննա Սինանեանի, սաները հրամցուցին երեք գեղեցիկ երգեր, արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին։ Ապա ունկնդրեցինք հայրենի արուեստագէտներ՝ կիթառահարներ Սարգիս Թուրկութեանը եւ Սթիւ Յարութիւնեանը։
Մինչ ներկաները հաճոյքով կը վայելէին ճոխ ընթրիքը, բեմը տրամադրուեցաւ վարժարանիս նախկին շրջանաւարտներուն, որոնք յաջողութեամբ տարբեր ասպարէզներ կը հետապնդեն։ Արփի Ճիվելեկեան, որ պիտի ուսանի իրաւաբանութիւն, Արա Տարաքճեան՝ Աստուածաբանութիւն եւ Մարալ Արոյեանը, որ կը պաշտօնավարէ մեր վարժարանէն ներս։ Բոլորն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ յատուկ կերպով շեշտեցին դպրոցի ջամբած յատկապէս հայեցի եւ հոգեւոր կրթութեան էական դերն ու ազդեցութիւնը իրենց կեանքերուն եւ յաջողութիւններուն մէջ։ Նաեւ սրտի խօսք ունէր ըսելու նախկին շրջանաւարտ Ճէնի Փափազեանը, սակայն պարագաներու բերումով ներկայ չկրցաւ գտնուիլ։
Այս տարուան ճաշկերոյթը ունէր յատուկ նպատակ՝ մեծարել եւ գնահատել տասներկու տարիներ շարունակ դպրոցին նուիրումով ծառայած, անոր աճին եւ բարգաւաճման մեծապէս նպաստած, դպրոցով ապրած տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանը։
Իբրեւ օրուան գլխաւոր բանախօս, յարգարժան տնօրէնը բեմ բարձրացաւ։ Ներկաները ծափերով ընդունեցին զինք։ Ան նախ յետադարձ հայեացք մը նետեց «Սահակ-Մեսրոպ»ի համեստ անցեալին, զանազան դժուարութիւններուն եւ ապա այն նուաճումներուն, որ դպրոցը ունեցած էր ցայսօր։
Տնօրէնը շեշտեց, թէ դպրոցի հիմնական նպատակը, ընդհանուր եւ խորունկ գիտելիքներու կողքին, աշակերտներուն հայեցի եւ հոգեւոր սնունդ տալն էր, հայոց լեզուի եւ Աստուածաշունչի սէրը անոնց հոգիներուն մէջ դրոշմելը։ Ան հպարտութեամբ աւելցուց, թէ այս տարի դպրոցը պիտի ունենայ տասներկրորդ դասարանի իր առաջին հունձքը, նաեւ յիշեց, թէ դպրոցը յաջող անցընելով իր որակաւորումի (Accreditation) քննութիւնը, ապահոված է ուսումնական ծրագրի կիրարկումը։ Ի վերջոյ, նշեց դպրոցի ստացած ճանաչումը ACSI եւ WASC կազմակերպութիւններէն։
Շարունակելով իր խօսքը ան շեշտեց, թէ ըլլալով լաւատես անձնաւորութիւն, ի դէմ բոլոր խոչընդոտներու, ան համոզուած ու խանդավառ էր դպրոցի փայլուն ապագայով։ Ան բացատրեց, թէ գտնուելով մեծ փոփոխութիւններու առջեւ, անհրաժեշտ էր, որ անցումային շրջանը եւ պաշտօններու փոխանցումի աշխատանքները հեզասահ ընթանան։ Տնօրէն Ֆիլեան նշեց, թէ ինք այսօր մեծ ուրախութեամբ իր պարտականութիւնները կը փոխանցէր նոր տնօրէնին՝ Շահէ Կարապետեանին, որուն անձին, արժանիքներուն եւ կարողութիւններուն մասին արդէն իսկ մեծ կարծիք եւ համոզում ունէր։
Լեւոն Ֆիլեան երախտագիտական խօսք ուղղեց իր կեանքին մէջ ամենակարեւոր երեք կանանց։ Մօրը՝ Վարդուհի Ֆիլեանի, անկէ ստացած հոգեւոր կրթութեան համար։ Կնոջ՝ Լիլիանային, որուն սէրը, համբերութիւնը եւ քաջալերանքը զինքը կանգուն պահած էին բոլոր դժուարութիւններու դիմաց եւ ի վերջոյ Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի, զուիցերիացի միսիոնարուհի քոյր Հետվիկին, իր զոհաբերութեան եւ բարեգործութեան ոգին փոխանցած ըլլալուն համար։
Շնորհակալութեան խօսքի հարուստ բաժին ստացան նաեւ աշխատանքի երկար եւ ծանր տարիներուն տնօրէնին գործակից, աշակերտ, բարերար, բարեկամ… վստահաբար տակաւին շատ բան ունէր ըսելու, բայց խօսքը աւարտեցաւ խրոխտ եւ առնական դէմքի ետին ակնյայտ յուզումով։
Առիթը պատեհ գտնելով, հոգաբարձութեան ատենապետ Արա Ասիլեան բեմ բարձրացաւ եւ հրաւիրեց տնօրէնին տիկինը՝ Լիլիանան։ Ան շնորհաւորեց տնօրէնը, ջերմագոյն շնորհակալութիւն յայտնեց անոր իր ծանրակշիռ աշխատանքին համար եւ նուիրեց այդ բոլորին խորհրդանիշ հանդիսացող յատուկ յուշանուէրը՝ Լիբանան պատրաստուած։ Ան նաեւ ստացաւ արձակուրդային ճանապարհորդութեան զոյգ մը տոմսեր։
Տնօրէնը բեմ հրաւիրեց զինք փոխարինող Շահէ Կարապետեանը՝ իր տիկնոջ Անիին հետ եւ որպէս աշխատանքը սիրով եւ սիրայօժար փոխանցելու խորհրդանիշ, անոնք միասնաբար հատեցին կարկանդակը։ Նոր տնօրէնը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց պատասխանատու անձանց՝ իրեն վստահուած պաշտօնին համար եւ խնդրեց ներկաներէն, որպէսզի աղօթեն Աստուծոյ, որ օգնէ, զօրացնէ զինք, իր նոր առաքելութիւնը յաջող կատարելու, նպաստելու վարժարանի հզօրացման եւ անոր ապագայի պայծառացման։
Ըստ մեր սովորութեան, այս տարի նոյնպէս, երկար տարիներու արգասաբեր ծառայութեան համար գնահատուեցաւ վարժարանի հոգաբարձուներէն մին՝ Վահրամ Թաշճեան, որուն յանձնուեցաւ յատուկ խորհրդանշական յուշանուէր։
Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ նաեւ ուսուցչուհի Ճենիա Սեմէրճեանը՝ վարժարանէն ներս տասը տարիներ շարունակաբար նուիրուած աշխատանք կատարած ըլլալու համար։
Երեկոյի աւարտին բեմ բարձրացաւ Պէթի Պալեան, որ կատարեց քանի մը յայտարարութիւններ եւ ղեկավարեց օրուան վիճակախաղը։ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան քանի մը կատակներով դարձեալ զուարճացուց ներկաները։
Այս գեղեցիկ յիշատակելի երեկոն փակեց Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, նկատի ունենալով, որ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան չէր կրցած ներկայ գտնուիլ։ Ան մաղթեց, որ բոլորիս փոխյարաբերութիւններուն մէջ իշխող ըլլայ յատկապէս սէրը եւ օրհնութեան աղօթքով աւարտեց իր պատգամը։
Աւանդական երեկոն կարելի է գնահատել որպէս յաջող եւ լաւ կազմակերպուած ձեռնարկ մը։ Այժմ կը գտնուինք նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, սակայն Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, համոզուած ենք, որ վարժարանը վստահաբար պիտի յարատեւէ եւ յաջողութեամբ շարունակէ հիմնադիրներու տեսլականի իրականացումը։
Յունիս, 2007