Անցեալ տարուան ընթացքին սկիզբ առին Անգարայի եւ Պաքուի հակահայ միացեալ ճակատ համակարգելու ճիգերը։ Անցնող Մարտին յիշեալ ճակատի կազմակերպական աշխատանքները մտան գործնական հունի մէջ, երբ Պաքուի մէջ կայացաւ թուրք-ատրպեճանական սփիւռքի համայնքներու առաջին համաժողովը, որուն առանցքային նիւթը հանդիսացաւ հայկական լոպպիինկին հակադարձելու ուղղութեամբ միջոցներու որոնումը։
Հայկական Սփիւռքին դէմ միացեալ ճակատով պայքար ծաւալելու այս նոր մարտավարութիւնը յատկանշական է այն առումով, որ հակաքարոզչական իրենց պայքարին մէջ պիտի օգտագործուին մեր գործելաձեւերը։ Այսինքն, այն ինչ որ աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերը կը կատարէին տասնամեակներէ ի վեր։
Իրողութեան մէջ, տեղեկատուական մարզին մէջ հայկական Սփիւռքը ճնշման ենթարկելու ուղղուած այս ռազմավարական քայլով՝ Անգարա եւ Պաքու կը նպատակադրեն քաղաքական եւ քարոզչական գետնի վրայ խեղդել Հայաստանն ու Արցախը։
Թէ ինչպէս կը ծաւալի հայկական Սփիւռքին դէմ հակաքարոզչական այս պայքարը՝ յստակ է։
Առաջին հերթին, Անգարա եւ Պաքու պիտի բազմապատկեն սուտի, կեղծիքի եւ ուրացման քարոզչական իրենց մեքենայի կարողականութիւնը։
Երկրորդ՝ Արեւմտեան պետութիւններու տարբեր քաղաքներու մէջ ժողովրդային ցոյցերով պիտի ներկայանան որպէս «հայկական յարձակապաշտ քաղաքականութեան զոհերը»։ Այստեղ բնականաբար պիտի օգտագործուին այսպէս կոչուած «Խոջալուի ջարդը» եւ ԼՂՀ պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ ազատագրուած հայապատկան հողերու «բռնագրաւման» հարցը։
Երրորդ՝ դիւանագիտական մակարդակի վրայ, թրքական եւ ատրպեճանական դեսպանատուները աւելի համադրուած ձեւով պիտի շղթայազերծեն հակահայ իրենց քարոզչութիւնը։
Ինչպէս շեշտեցինք, յստակօրէն ուրուագծուող թուրք-ատրպեճանական միացեալ ճակատի առաջնահերթութիւնը իրենց արտասահմանեան սփիւռքներու կազմակերպումն է։ Այս ուղղութեամբ, թրքական կողմը ոչ արհամարհելի աշխատանք տարած է եւրոպական ճակատի վրայ, ուր գոյութիւն ունին ստուարածաւալ թրքական գաղութներ։ Եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ թրքական համայնքները արդէն մասնակից են տեղական քաղաքական կեանքին։
Ուաշինկթընի մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան գծով Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու մօտ Անգարայի պետական ներկայացուցչութեան կողքին՝ տենդագին աշխատանքի մէջ են նաեւ ամերիկեան թրքական կազմակերպութիւնները։
Քանատայի մէջ, Օթթաուայի դեսպանատան հսկողութեան տակ զօրաշարժի մէջ են ատրպեճանական կազմակերպութիւնները, որոնք հակահայ քարոզարշաւի իրենց թղթածրարներով սկսած են մուտք գործել քանատական հասարակական կազմակերպութիւններէ ներս։ Այլ մտահոգիչ զարգացումով մը, հակահայ իրենց մոլուցքով ծանօթ թրքական ազգայնամոլ խմբաւորումներ սկսած են արմատաւորուիլ Քանատայի տարածքին։
Այս բոլորը ի մի բերելով յստակ կը դառնայ այն իրողութիւնը, որ հայկական Սփիւռքը իր դէմ նիւթուող քարոզչական առճակատման մը սկզբնական հանգրուանին մէջ է։ Բնականաբար, այս պայքարը աւելի սուր բնոյթ պիտի ստանայ, երբ յառաջիկայ արարին, Պաքուի քարիւղէն շահարկուած գումարներէն մաս մը օգտագործուի այս պայքարին համար։
Թուրք-ատրպեճանական քարոզչական այս վարքագիծն ու մարտավարութիւնը ուռճանալու բոլոր նախադրեալները ունին։ Հայկական Սփիւռքին կը մնայ լոպպիինկի իր պատնէշները ամրապնդել եւ հակահարուածի պատրաստ ըլլալ։