
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով, Ուրբաթ, 11 Օգոստոսի առաւօտեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արցախ քահանայ Պատոյեան երկօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Սոլթ Լէյք Սիթի (Եութա) եւ կատարեց հոգեւոր մատակարարութիւն՝ տեղւոյն հայ համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդին համար:
Այս առիթով, ան, յանուն առաջնորդ սրբազանին, նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ։