
Հինգշաբթի, 24 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 8:30ին, ամառնային արձակուրդէն վերադառնալէ ետք, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի բակը անգամ մը եւս վերակենդանացաւ եւ լեցուեցաւ նորեկ ու վերադարձող աշակերտներու զուարթ ճիչերով:
Վերամուտի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդեցին ամերիկեան եւ հայկական զոյգ քայլերգները, որմէ ետք գաղութիս հոգեւոր հովիւ եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան կարդաց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի նամակը:
Ապա խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէն Անի Սարգիսեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Մինասեան վարժարանին մէջ մեր աշակերտները միայն գիտութիւն չէ որ կը ստանան, այլ նաեւ կը սորվին ստեղծագործ ըլլալ, կերտել ճակատագրական մտածումներ եւ սորվելու երկարատեւ մարմաջ: Ապա ան իր խօսքը եզրափակելով՝ ըսաւ, թէ վարժարանիս բարոյական պարտականութիւնն է՝ դաստիարակել հայ աշակերտը իբրեւ «Հայ»՝ ճանչցնելով իրենց հարուստ մշակոյթը, տեղեկացնելով հայրենիքի հարցերը եւ յիշատակելով անցեալը՝ կերտելու համար փայլուն ապագայ մը: «Մենք միշտ յոյս ունինք, որ պիտի յաջողինք եւ պիտի ունենանք ապագայ առաջնորդներ եւ ղեկավարներ, որոնք պիտի աշխատին պաշտպանել հայ ժողովուրդի դատը ի Հայաստան եւ Արցախ», եզրակացուց ան:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)