94 տարեկանինշ իր մահկանացուն կնքեց մարմնամարզութեան եռակի ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Ալբերտ Ազարեան։
«Սիրելի հայրենակիցներ, խոր վշտով պիտի տեղեկացնեմ, որ քիչ առաջ կեանքի 94րդ տարում իր մահկանացուն կնքեց բոլոր ժամանակների մեծագոյն հայ մարզիկ Ալբերտ Ազարեանը։ Պատիւ եւ երջանկութիւն էր լինել քո ժամանակակիցը, հանգչիր խաղաղութեամբ սիրելի՜ վարպետ», գրած է Հայաստանի մարմնամարզութեան դաշնակցութեան նախագահ Գագիկ Վանոյեան։
1952-1962 տասնամեակին, Ազարեան 11 անգամ դարձաւ Խորհրդային Միութեան ախոյեան, 1954էն1958՝ աշխարհի քառակի ախոյեան, 1956ին (օղակներ) եւ 1960ին (օղակներ, խմբային)՝ եռակի ողիմպիական ախոյեան։

Օղակներու վարժութեան յայտնի «Ազարեանական խաչ»ը հայ մարզիկը առաջին անգամ կատարեց 1953ին՝ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ։ Ան նաեւ կատարած է «Ազարեանական շրջումէ խաչ» շարժումը։
Մարզական ասպարէզը աւարտելէ ետք, Վանաձոր ծնած Ազարեան գլխաւորած է Երեւանի մարմնամարզութեան դպրոցը, որ հետագային կոչուեցաւ իր անունով։
Ալբերտ Ազարեան 2000ին, մարզական լրագրողներու քուէարկութեամբ հռչակուեցաւ 20րդ դարու Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը։
2004ին, Աթէնքի եւ 2008ին, Պէյժինկի Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւններուն, Ալբերտ Ազարեան եղած է Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշակակիրը։
23 տարի Հայաստանի մարմնամարզութեան դաշնակցութիւնը գլխաւորելէ ետք, Ալբերտ Ազարեան 2021ին ընտրուած էր դաշնակցութեան պատուոյ նախագահ։
Յիշեցնենք, որ 1 Դեկտեմբեր 2022ին Երեւանի «Ալբերտ Ազարեան» մարզական դպրոցի բակին մէջ բացուեցաւ ախոյեանին կիսանդրին։