Քուպայի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ յայտնաբերած է վարձկաններ զինուորագրող ռուսական ցանց մը, որուն նպատակն է՝ քուպացիներ զինուորագրել «Ուքրանիոյ ռազմական գործողութիւններուն» մասնակցելու համար։
Ռուսիոյ հետ սերտ կապեր ունեցող Քուպայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը «աշխատանք կը տանի կասեցնելու եւ քանդելու մարդիկ ապօրինի կերպով զինուորագրող ցանցը, որ կը գործէ Ռուսիայէն՝ հոն բնակող Քուպայի քաղաքացիները եւ նոյնիսկ որոշ քուպացիներ Ռուսիոյ զինուած ուժերուն մէջ ներգրաւելու համար, որպէսզի վարձկանները մասնակցին Ուքրանիոյ ռազմական գործողութիւններուն»։
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Քուպա Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին մէջ ոչ մէկ դերակատարութիւն կ՛ուզէ ունենալ։
Արտաքին գործոց նախարար Պրունօ Ռոտրիկեզ X հարթակին (նախկին Twitter) վրայ հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ հաստատեց, որ Քուպայի կառավարութիւնը «կը գործէ օրէնքին համաձայն»՝ դիմակայելու այդ գործողութիւնները։
Նախարարութիւնը նշեց, որ յարուցած է «քրէական հետապնդում այս գործունէութեան մէջ ներգրաւուած անձերուն դէմ»՝ առանց յայտնելու այլ մանրամասնութիւններ։