
Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու ախոյեանութեան (»Եուրպ-2024«) զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրընկալեց Խրուաթիան, Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ, 0-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով։
Մրցումին որբ կօլը 14րդ վայրկեանին նշանակեց Անտրէյ Քրամնիք։
Նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի կազմը, որ մրցեցաւ Թուրքիոյ դէմ, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, ինչ որ անսպասելի էր, որովհետեւ Թուրքիա լաւագոյն հաւաքականներու ցանկին վրայ մօտաւորապէս 50 դիրք աւելի վեր դասուած է Հայաստանէն: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումին, Հայաստան 1-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Թուրքիայէն։
Հայաստանի եւ մրցումին առաջին կօլը նշանակեց Երեւանի »Փիւնիկ«ի 33 տարեկան միջնապահ Արտակ Դաշեան (49րդ), սակայն մրցումին 88րդ վայրկեանին, ֆրանսական »Ռեն« խումբէն 21 տարեկան յառաջապահ Պերթուտ Եըլտըրըմ նշանակեց Թուրքիոյ հաւասարութեան կօլը:
Էսքիշեհիրի մէջ տեղի ունեցած մրցումին սկիզբը, Հայաստանի քայլերգին ընթացքին, 32,000 թուրք համակիրները սուլեցին, գրեթէ անլսելի դարձնելով քայլերգը: Նաեւ, մրցումէն առաջ, խումբ մը թուրք համակիրներ ազատ-համարձակ ցուցադրեցին Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակներու նկարները, իսկ անոր կողքին՝ հայերը նսեմացնող հայհոյալից քառեակ մը կրող պաստառով:
Թուրքիայէն Հայաստան վերադառնալով՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականը »Զուարթնոց« օդակայանին մէջ արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան:
Այսպիսով, Դ. խմբակին մէջ, Հայաստան, որ ցարդ կատարած է հինգ մրցումներ, ունի 7 կէտեր եւ կը գրաւէ խմբակին 3րդ դիրքը, ետ մնալով առաջատար Խրուաթիայէն եւ Թուրքիայէն: