10 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրած է փաստաթուղթ մը, ըստ որուն, այն ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզը Ատրպէյճանի մաս է: Ան այս ձեւով պատասխանեց այն հարցումին, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիան կը մեղադրեն Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանին «յանձնելու» յանցանքով:
Լաւրով դիտել տուաւ, որ Ռուսիա որեւէ բանի համար մեղադրելէ առաջ պէտք է գնահատել սեփական արարքները:
Ըստ Լաւրովի՝ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յղում կատարեց այն փաստին, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները 10 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրեցին առաջին եռակողմ համաձայնագիրը: «Ասիկա բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Այնտեղ ընդհանրապէս ոչինչ կ՛ըսուի Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին, եւ այն ժամանակ երեք առաջնորդներն ալ մեկնեցան այն իրողութենէն, որ այդ կարգավիճակին շուրջ տակաւին պէտք է յաւելեալ բանակցութիւններ կատարուէին: Բայց երբ աւելի ուշ, Փրակի մէջ, ուր հրաւիրուած էին Ատրպէյճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը, անոնք ստորագրեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ կը ճանչնան 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրը, վերջ, հարցը փակուած է: Հայաստանի վարչապետը փաստաթուղթ մը ստորագրեց, ըստ որուն այն ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզը Ատրպէյճանի կազմին մէջ է: Առ այդ, կարիք չկայ մեզ մեղադրելու՝ իբր թէ տակաւին 2020 թուականի Նոյեմբեր 10ին մենք «յանձնած ենք» Ղարաբաղը: Իր ժողովուրդին պէտք է ինքնուրոյն պատասխան տալ», շեշտեց նախարարը:
Լաւրով նաեւ խօսեցաւ ՀԱՊԿի առաքելութեան մասին՝ նշելով, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿի վեհաժողովին համաձայնութիւն գոյացած էր ՀԱՊԿի առաքելութեան վերաբերեալ՝ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին, բայց «առաւօտեան հայ գործընկերները որոշեցին յետաձգել այս թեման»:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր, որ կը սպառնան դուրս գալ ՀԱՊԿէն, հոն կան քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ, որոնք իրենք իրենց կ՛արտօնեն բաւական ամբարտաւան յայտարարութիւններ կատարել Ռուսիոյ հասցէին, մենք այդ մէկը կը տեսնենք: Անիկա երէկ չսկսաւ. մենք կը յիշենք, որ երբ պարոն Փաշինեան տակաւին իշխանութեան վրայ չգտնուող քաղաքական գործիչ էր եւ ոտքի կը հանէր հայ ժողովուրդը, անոր կարգախօսներէն մէկը այն ժամանակ ՀԱՊԿէն եւ նոյնիսկ Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալու մասին յայտարարութիւնն էր: Շատերը այդ մէկը կը կապէին պարզապէս ընտրարշաւով, ձայներու համար պայքարով: Հետագային Փաշինեան նման միտքեր չ՛արտայայտեց, նաեւ՝ Երեւանի մէջ ՀԱՊԿի գագաթնաժողովին ընթացքին», ըսաւ Լաւրով:
Ան խօսեցաւ վերջին շրջանին Հայաստանի՝ ՀԱՊԿի մասնակցելէ հրաժարելուն մասին՝ աւելցնելով, որ տարօրինակ են հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւնները: «Մենք ոչ մէկ լաւ բան կը տեսնենք այն երեւոյթին մէջ, որ ՆԱԹՕն կը փորձէ ներթափանցել Անդրկովկաս: Չեմ կարծեր, թէ ասիկա լաւ է ոեւէ մէկուն, որոնց կարգին Հայաստանի համար», ըսաւ Լաւրով՝ դիտել տալով, որ ասիկա ափսոսանք կը յառաջացնէ Ռուսիոյ մէջ:
Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ յայտնելով, որ Մոսկուա եւ Երեւան պիտի վերլուծեն Միացեալ Նահանգներու հետ զօրավարժութիւններուն մասնակցելու՝ Հայաստանի որոշումը, որպէսզի կարելի ըլլայ պարզել, թէ ի՛նչ պատճառով Երեւան նման որոշում մը տուած է:
Ըստ անոր՝ Ռուսիա եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մերձաւոր դաշնակիցը եւ գործընկերը, իսկ յառաջ եկող հարցերը կը միտի լուծել երկխօսութեան ծիրին մէջ:
Ան յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ զարգացման տրամաբանութիւնը եւ երկու երկիրներու ազգային շահերը կը թելադրեն գործակցութեան եւ գործընկերութեան հետագայ խորացման անհրաժեշտութիւն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիա առաջուան պէս պատրա՞ստ է պաշտպանել Հայաստանը՝ անոր դէմ յարձակման պարագային, Փեսքով պատասխանեց, որ Ռուսիա համապատասխան պարտաւորութիւններ ունի ՀԱՊԿի ծիրին մէջ: