Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան դիտել տուաւ, որ Փաշինեան ու Էրտողան անդրադարձան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային հարցերու:
Երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծեցին, որ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ձեռքբերումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման եւ բարգաւաճման:
Կողմերը նշեցին, որ պիտի շարունակեն դիւանագիտական ջանքերը այս ուղղութեամբ: