Գերմանիան Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին յաւելեալ 2 միլիոն եուրօ պիտի տրամադրէ՝ Արցախի մէջ մարդասիրական առաքելութեան նախագիծին համար: «Արմէնփրէս»ը այս մասին տեղեկացաւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութենէն:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը շատ լարուած է: Գերմանիա յաւելեալ 2 միլիոն եուրօ պիտի յատկացնէ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին՝ տարածաշրջանին մէջ կեանքեր փրկող իր նախագիծին համար: Օգնութեան՝ հիմա տեղ հասնիլը կարեւոր է. անոր համար մենք կը ձգտինք բանալ մարդասիրական հասանելիութիւնը», կը յայտնէ դեսպանատունը իր «Էքս»ի էջին վրայ: