

9 Սեպտեմբերին գումարուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ նիստը, որուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Սամուէլ Շահրամանեան՝ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ՝ 22 թեր եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Նիստը վարեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունց, որ տեղեկացուց, թէ սահմանուած կարգով եւ ժամկէտի մէջ խորհրդարանի «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն», «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւններուն կողմէ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած է Սամուէլ Սերկէյի Շահրամանեանը: Ապա ելոյթ ունեցան թեկնածու առաջադրած խմբակցութիւններու ղեկավարները:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ նախագահի թեկնածու Սամուէլ Շահրամանեան, որ կարեւոր նկատեց նախագահի հաստատութիւնը ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու տեսանկիւնէն եւ երկրի ղեկավարի յատկանիշներէն՝ ընդգծեց իրականութեան սթափ գնահատումը եւ պատրանքներէն զերծ մնալը:
Շահրամանեան ծրագրային դրոյթներէն առանձնացուց պետականութեան ամրապնդումը, ներքին կայունութեան հաստատումը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը, ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւումը, օրինականութեան եւ կարգ ու կանոնի հաստատումը: Ան անդրադարձաւ շրջանային մարտահրաւէրներուն, Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան եւ Արցախ-Հայաստան յարաբերութիւններուն:
«Լեռնային Ղարաբաղը պիտի կարգավիճակ ստանայ, Հայաստանի հետ ուղիղ կապ պէտք է ունենանք Լաչինի միջանցքով, այլ ճանապարհներ կարող են գործարկուել, սակայն դրանք չպէտք է փոխարինեն միջանցքին: Բանակցութիւններ պէտք է լինեն, ձեւաչափը կարող է լինել ինչպէս բազմակողմ, այնպէս էլ երկկողմ՝ երրորդ կողմի երաշխաւորութեամբ, Ստեփանակերտը պէտք է լինի բանակցութիւնների կողմ», հաստատեց Շահրամանեան:
Ազգային ժողովի յատուկ նիստին կատարուեցաւ Արցախի նորընտիր նախագահի երդմնակալութիւնը, որուն ներկայ եղան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան երեք նախկին նախագահները՝ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներ:
Արարողութիւնը սկսաւ Արցախի օրհներգով, որմէ ետք նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, ըստ արարողակարգի, երդում տուաւ՝ ձեռքը դնելով 17րդ դարու Աւետարանի եւ Արցախի Սահմանադրութեան վրայ:
Մինաս քհնյ. Մովսէսեան արտասանեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի օրհնութեան խօսքը: