Իլհամ Ալիեւ 20 Սեպտեմբերի իր տեսաուղերձին ընթացքին նշեց, որ յանձնարարուած բոլոր առաջադրանքները կատարուեցան ընդամէնը մէկ օրուան մէջ. «Ատրպէյճան վերականգնեց իր ինքնիշխանութիւնը», ըսաւ ան:
Ալիեւ հաստատեց, որ Ատրպէյճան «մինչեւ վերջ պիտի երթար», եթէ Ղարաբաղի մէջ վար չդնէին զէնքերը:
Ան աւելցուց, որ Ղարաբաղի հայ բնակիչները Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են, եւ իրենք կ՛ուզեն հաստատել միացեալ գոյակցութիւն՝ խաղաղութեան, փոխըմբռնման եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած: «Մենք կը ճանչնանք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Պէտք է համոզուած ըլլալ, որ հակառակ կողմը չ՛ապրիր վրէժխնդրական գաղափարներով: Հայաստանի ղեկավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իրավիճակին մէջ ցուցաբերեց ձեռնհասութիւն. Պաքու կը գնահատէ այդ մէկը», ըսաւ Ալիեւ:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 19-20 Սեպտեմբերին կատարուած «հակաահաբեկչական գործողութիւններուն» ընթացքին զինուորներ մահացան եւ վիրաւորուեցան: Ան նշեց, որ անոնց մէջ կան սպաներ:
Աւելի ուշ, ան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ. անոնք, ըստ Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին, քննարկեցին «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կատարած հակաահաբեկչական գործողութիւններուն արդիւնքները»:
Էրտողան անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ բոլորովին կ՛աջակցի Ատրպէյճանին: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ:
Օր մը առաջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին, Էրտողան յայտարարած էր, թէ իրենք կ՛ակնկալեն, որ Հայաստան պիտի կատարէ իր խոստումները, առաջին հերթին՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման ուղղութեամբ: «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է: Անիկա հիմա կ՛ընդունին բոլորը: Եւ անոր համար մենք այլ կարգավիճակի պարտադրումը չենք ընդունիր: Մենք կ՛աջակցինք այն քայլերուն, որոնց Ատրպէյճան կը ձեռնարկէ, եւ միասին կ՛ընթանանք «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսին տակ՝ պաշտպանելով մեր տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով. «Հայաստան չկրցաւ օգտագործել Ղարաբաղի մէջ պատմական հնարաւորութիւնը»: