Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը` Սլաւիկ Գալստեան (67 քլկ.), որ մրցեցաւ Ամանթուր Իսմայիլովի դէմ (Ղըրխըզիստան), արձանագրեց` 8-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, սակայն աշխարհի եւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիրը չկրցաւ դարձեալ պրոնզէ մետալին տիրանալ, պարտութիւն մը կրելով իրանցի Մոհամետ Ռեզա Կերայէն։ Հակառակ այս արդիւնքին, ան կրցաւ Հայաստանի համար ապահովել տոմս մը եւս 2024ին Փարիզի մէջ կայանալիք Ողիմպիականի ամառնային խաղերուն:
Արմէն Բաբալարեանի գլխաւորած կազմը աշխարհի ախոյեանութիւնը աւարտեց երկու մետալով եւ ողիմպիականի երեք տոմսերով:
Արծաթէ մետալի տիրացաւ Արթուր Ալեքսանեան (97 քլկ.), մինչ պրոնզէ մետալի` Մալխաս Ամոյեան (77 քլկ.). անոնք նոյնապէս ապահովեցին Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրենց տոմսերը:
Խմբային վերջնական դասաւորման մէջ, Հայաստան գրաւեց 5րդ դիրքը: