Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները հաստատեցին, որ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արային Յարութիւնեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ձերբակալուեցան եւ տեղափոխուեցան Պաքու։
Արցախի պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ ինք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արարատ Մելքումեան, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեան եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ատրպէյճանական անցակէտով 3 Հոկտեմբերին հասան Հայաստան: Նախկին նախագահներուն եւ Ազգային ժողովի նախագահին ձերբակալութիւններուն վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեց. ան միայն ըսաւ, որ երբ իրենք ճամբայ ելան, անոնք տակաւին Ստեփանակերտ կը գտնուէին։
Արցախի ներքին գործոց նախարարի խօսնակ Յունան Թադեւոսեան եւս տեղեկացուց իրենց Հայաստան գտնուելուն մասին՝ նշելով. «Որոնողական աշխատանքները վերջին օրերին որեւէ արդիւնք չէին տալիս, եւ դրանք դադարեցուել են»։
Ըստ անոր՝ պենզինի պահեստի պայթումի վայրին մէջ գտնուած մասունքները տեղափոխուած են Երեւան` ծինային քննութեան համար: Թէ՛ պայթումին եւ թէ մարտական գործողութիւններուն պատճառով տակաւին կան անյայտ կորսուածներ, սակայն յստակ թիւ առայժմ չէ հրապարակուած:
«Ազատութիւն»ը յայտնեց, որ այլ մանրամասնութիւններ կարելի չեղաւ ձեռք բերել, որովհետեւ Արցախի հետ կապը ընդհատուած է. ներկայիս, Արցախի մէջ կը գործէ «Ազերտելեկոմը»: