Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգողի ղեկավարութեամբ ՄԱԿի առաքելութիւնը ամփոփեց իր միօրեայ այցելութիւնը Արցախ:
3 Հոկտեմբերին հրապարակուած յայտարարութեան միջոցաւ, դիտորդները հաստատեցին, որ Արցախի մէջ, իրենց ստացած տուեալներով, մնացած են 50էն 1000 հայեր:
«Առաքելութիւնը ցնցուած է, թէ ինչպէ՛ս տեղւոյն բնակիչները յանկարծակի հեռացան իրենց տուներէն, ինչպէս նաեւ տառապանքներէն, որոնք կրնան անոր պատճառը ըլլալ», յայտարարեց ՄԱԿի առաքելութիւնը:
ՄԱԿի պաշտօնեաները նաեւ յայտարարեցին, թէ ո՛չ տեղւոյն բնակիչներէն, ոչ ալ իրենց զրուցակիցներէն որեւէ հաղորդում ստացած են քաղաքացիներուն նկատմամբ վերջին զինադադարէն ետք բռնութեան դէպքերու վերաբերեալ: Յայտարարութեան հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ իրենց այցելած վայրերուն մէջ քաղաքացիական եւ գիւղատնտեսական ենթակառուցուածքներու վնասներ, աւերածութիւններ, ինչպէս նաեւ որեւէ սատկած անասուն կամ ընտանի կենդանի չեն յայտնաբերած:
«Այս փուլին դժուար է հասկնալ, թէ մտադի՞ր է արդեօք տեղւոյն բնակչութիւնը վերադառնալ: Յստակ է, որ վստահութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւն կայ, իսկ այդ մէկը ժամանակ եւ ջանքեր կը պահանջէ բոլոր կողմերէն», կ՛ընդգծէ միջազգային կառոյցի խումբը` հաստատելով, որ ՄԱԿը «պատրաստ է աջակցելու մնացած բնակչութեան եւ անոնց, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ»։
ՄԱԿի պաշտօնեաները վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ կը յայտնեն, որ միօրեայ իրենց այցելութեան ընթացքին այցելեցին Աղտամ, Ստեփանակերտ եւ Լաչինի միջանցքը, եւ որ գիւղական բնակավայրեր դիտորդներու հասանելիութիւնը «սահմանափակ» էր:
Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան «Էքս»ի իր էջին վրայ այս մասին խօսելով՝ գրած է հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղում, այսպէս կոչուած, ՄԱԿի առաքելութիւնն ամէն ինչ արեց էթնիկ (ցեղային) զտումները, կամայական կալանաւորումները, քաղաքացիական ենթակառուցուածքների ոչնչացումն եւ Ադրբեջանի կողմից իրականացուած այլ յանցագործութիւնները օրինականացնելու համար։ Այս տղաները վարկաբեկում են ՄԱԿը որպէս ինստիտուտ (հիմնարկութիւն)»։
Դիմելով ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշին, Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերու գործակալութեան գրասենեակին, ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրքին` Մարուքեան կ՛ընդգծէ. «Ես անհամբեր սպասում եմ այդ «ներկայացուցիչների» գործունէութեան վերաբերեալ ՄԱԿի հետաքննութեանը»: