
Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանէն աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ անձնակազմի անդամներ 6 Հոկտեմբերին, Էնսինոյէն Հայոց Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանը 27 մղոննոց քայլարշաւ մը պիտի իրականացնէ, շրջանին ուշադրութիւնը սեւեռելու համար Արցախի հայաթափման եւ արցախահայութեան օգնութիւն հասցնելու հրամայականին վրայ։
Քայլարշաւին աւարտին՝ երեկոյեան ժամը 6։30ին, յուշարձանին առջեւ կը հրաւիրուի համայնքը, իր ձայնը միացնելու համար այս նախաձեռնութեան։