Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 4 Հոկտեմբերին անակնկալօրէն հրաժարեցաւ մասնակցելէ Կրանատայի հանդիպումին, որուն ընթացքին կողմերը կը պատրաստուէին քննարկել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը:
Պաքու պաշտօնական բացատրութիւն չտուաւ, սակայն, Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը «Ազատութեան» յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հիմնական դժգոհութիւնը Ֆրանսայի մասնակցութիւնը եւ Փարիզի՝ Հայաստանին աջակցելու վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւններն են:
«Արտաքին գործոց նախարար Քոլոնայի յայտարարութիւնները, որ «Ֆրանսա միշտ Հայաստանի կողքին է», վերջնականապէս վերցուցին Ֆրանսայի` բարեխիղճ եւ չէզոք միջնորդ ըլլալու դիմակները», «Էքս»ի իր էջին վրայ 4 Հոկտեմբերին գրեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
Օրեր առաջ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, թէ Փարիզ կ՛ուսումնասիրէ Հայասդժտանի պաշտպանական կարիքները: Իսկ 3 Հոկտեմբերին, նոյն երկրի արտաքին գործոց նախարարը՝ Քաթրին Քոլոնա, Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Փարիզ համաձայն է Երեւանի հետ կնքել ռազմական սարքեր տրամադրելու վերաբերող համաձայնագիր մը։
Ֆրանսացի պաշտօնեաներուն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին յայտարարութիւններէն ետք, Պաքու պահանջեց Կրանատայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման նաեւ Թուրքիան ներգրաւել։ Այս մասին գրած է «Էյ.Փի.Էյ.»ը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրները. ըստ թերթին, առաջարկին ընդդիմացած են Պերլինը եւ Փարիզը: «Ազատութեան» աղբիւրները եւս հաստատեցին այս տեղեկութիւնը:
Հակառակ Պաքուէն հնչող այդ յայտարարութիւններուն` Հայաստանի վարչապետը 4 Հոկտեմբերին յայտարարեց, թէ ինք բոլոր պարագաներու պիտի մեկնի Կրանատա։ Հայկական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
«Էնտեղ ունենալու ենք հանդիպումներ եւ ըստ էութեան փորձելու ենք աւելի դէտալացուած (մանրամասնուած) մեր դիրքորոշումները ներկայացնել: Ի հարկէ ցաւում ենք, որ հանդիպումը տեղի չունեցաւ, բայց յոյս ունենք, որ այն հայեցակարգը, հայեցակարգային փաստաթուղթը, որը դրուած է սեղանին, յարմար պահի կը ստորագրուի: Ես պատրաստ եմ այդ պայմանագիրը ստորագրել եւ ցաւում եմ շատ, որ առիթ չունեմ, վաղը առիթ չեմ ունենալու յայտարարելու, որ շատ կարեւոր այդ որոշումը կայացուեց», յայտարարեց Փաշինեան:
Նախքան հանդիպումը, թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ Ատրպէյճանէն լաւատեսական յայտարարութիւններ հնչեցին: Արցախի դէմ 19 Սեպտեմբերին կատարուած յարձակումէն եւ Արցախը զինաթափելէ ետք, Պաքու յայտարարեց, թէ՝ «հիմա արդէն աւելի մեծ են համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնները»: Քանի մը օր առաջ նոյնը ըսաւ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, իսկ 4 Հոկտեմբերին՝ Փաշինեան՝ կնքուելիք փաստաթուղթը նկատելով «շրջադարձային նշանակութեան»։
Ան ներկայացրուց այն երեք հիմնական սկզբունքները, զորս Երեւան կը շեշտ՝է խաղաղութեան պայմանագիրը կնքման համար: «Առաջին` Հայաստանն ու Ադրբեջանը ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն այն ըմբռնմամբ, որ Հայաստանի տարածքը 29,800 քկմ. է, Ադրբեջանինը 86.600 է: Երկրորդ` դելիմիտացիան (սահմանազատումը) ու դեմարկացիան (սահմանագծումը) պէտք է տեղի ունենան 1975 թուականի քարտէզների հիման վրայ», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այս կարծիքը կարծր չէ, եւ կարելի է կիրառել նաեւ 75 թուականէն ետք կիրարկուած քարտէսները, որոնք նախորդին վերարտադրութիւնն են: Երեւան, ըստ Փաշինեանի, կը շեշտէ, որ տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան բացումը տեղի ունենայ երկիրներու ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, օրէնսդրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքին հիման վրայ:
«Եթէ Ադրբեջանը հրապարակային այս սկզբունքներին իր նուիրուածութիւնը վերահաստատի, գործնականում կարող ենք համարել, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը ընդամէնը կարճ ժամանակի հարց է», ընդգծեց Փաշինեան:
Սակայն, ըստ Փաշինեանի, հարցը այն է, որ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը չի վերահաստատեր իր հաւատարմութիւնը Երեւանի նշած սկզբունքներուն: Իսկ այդ կը նշանակէ, որ Պաքու խաղաղութիւնը կը պատկերացնէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ իր նկրտումները իրականացնելէ ետք միայն: