Հայաստանի Մեծամօր ատոմական ելեկտրակայանը այս պահուն մինչեւ 2026 թուական աշխատելու օրինական արտօնութիւն ունի. աշխատանք կը տարուի՝ զայն երկարաձգելու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան՝ Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին` անդրադառնալով Թուրքիոյ` ատոմակայանը փակելու պահանջին։
Նախարարը նախ նշեց, որ որքան ալ աթոմակայանը իսկապէս շատ բարդ ենթակառուցուածք է, ուժանիւթի կարեւոր ենթակայան, բայց անոր վերաբերեալ գործընթացները բաւական պարզ եւ յստակ են: Կան չափորոշիչներ, կայ կայան, կան կոմիտէներ, տարբեր խումբեր եւ մասնագէտներ, որոնք պէտք է փաստեն, որ կայանը կը համապատասխանէ՞ չափորոշիչներուն, թէ ոչ:
«Պէտք է վստահեցնեմ, որ դեռ 1993 թուականից սկսած մեր ատոմակայանում իրականացուել եւ իրականացւում են բազմաթիւ ծրագրեր, աշխատանքներ` անվտանգ եւ առկայ միջազգային չափորոշիչյերին բնորոշ կանոնակարգումներով աշխատանքն ապահովելու ուղղութեամբ: Այս պահին մեր ատոմակայանն ունի մինչեւ 2026 թուականն աշխատելու լիցենզիա (արտoնագիր), որոշ ուղղութիւններով ունի մինչեւ 2031 թուականն աշխատելու լիցենզիա», ըսաւ Սանոսեան:
Ան վստահեցուց, որ յառաջիկայ տարիներուն պիտի կատարուին շարք մը աշխատանքներ: Նախանշուած են, թէ ի՛նչ յաւելեալ աշխատանքներու կարիք կայ, որպէսզի ատոմակայանի աշխատանքը երկարաձգուի 2026էն մինչեւ 2036:
Ըստ անոր` իսկապէս հսկայածաւալ աշխատանք կատարուած է։ «Ատոմակայանում հին գրեթէ ոչինչ չի մնացել: Բազմաթիւ դետալներ (մանրամասնութիւններ), սարքաւորումներ, համակարգեր փոխուել են: Ամենայն յարգանքով ատոմակայանի աշխատակիցների նկատմամբ` ես ասում եմ, որ մեր ատոմակայանում ամէն ինչ նոր է, բացի աշխատակիցներից», ըսաւ ան՝ վստահեցնելով, որ այնտեղ փորձառու մասնագէտներ կ՛աշխատին:
Սանոսեան յիշեցուց, որ նախորդ տարի, Հայաստան այցելեցին Մակատէի գործընկերները` ղեկավարի գլխաւորութեամբ, ապա ընթերցեց անոր գրութիւնը՝ ատոմակայան այցելութենէն ետք, որուն միջոցաւ մասնաւորապէս կը նշուի, որ ուրախ է տեսնելու ապահովութիւնը եւ յուսալիութեան գծով բարելաւումները, որոնք կատարուած են կայանին մէջ:
«Կարծում եմ Մագատէն համապատասխան արձագանգը կը ներկայացնի», ըսաւ Սանոսեան: