
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի Կրանատայի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք, կողմերը հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ մը:
Շարլ Միշէլ, Էմանուէլ Մաքրոն եւ Օլաֆ Շոլց ընդգծեցին իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան:
«Անոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման բոլոր հարթութիւններուն վրայ՝ մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքներէն: Անոնք համաձայնեցան Հայաստանին յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել, որովհետեւ անիկա դէմ յանդիման կը գտնուի Ղարաբաղի հայերու զանգուածային վերջին տեղահանման հետեւանքներուն: Անոնք ընդգծեցին, որ այդ գաղթականները պէտք է ազատօրէն օգտուին իրենց տուները եւ բնակութեան վայրերը վերադառնալու իրաւունքէն՝ առանց որեւէ պայմաններու, միջազգային դիտորդուդներու հսկողութեան տակ եւ իրենց պատմութեան, մշակոյթին եւ մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ պատշաճ յարգանքով: Անոնք հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններիու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերուն՝ իրարու ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան (Հայաստանի 29,800 քառակուսի քառմ. եւ Ատրպէյճանի 86,600 քառակուսի քառմ.) փոխադարձ ճանաչման վրայ հիմնուած, ինչպէս նշուած է նախագահ Միշէլի 14 Մայիս եւ 15 Յուլիս 2023ի յայտարարութիւններուն մէջ: Անոնք կոչ ուղղեցին՝ խստօրէն պահպանելու ուժ եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու սկզբունքը: Անոնք ընդգծեցին սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնուելով կողմերիուն տրամադրուած ԽՍՀՄ Գլխաւոր շտապի ամէնէն վերջին քարտէսներուն վրայ, որոնք պէտք է նաեւ հիմք հանդիսանան ուժերու նահանջին, խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնական տեսքի բերելու եւ մարդասիրական բոլոր հարցերու լուծման համար: Անոնք աւելի մեծ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ բոլոր սահմաններու, որոնց կարգին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, բացման կոչ ուղղեցին: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ամբողջական յարգման, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած տարածաշրջանային կապերու բացման: Եւրոպացի առաջնորդները կոչ ուղղեցին Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները եւ համագործակցելու անյայտ կորսուածներու ճակատագիրին լուծում տալու եւ ականազերծման աշխատանքները դիւրացնելու ուղղութեամբ», կ՛ըսուի ժողովին տարածած յայտարարութեան մէջ:
Ժողովի ծիրին մէջ, Փաշինեան կարճատեւ զրոյցներ ունեցաւ կարգ մը երկիրներու եւ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: Ան մասնաւորապէս փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ ցեղային զտման քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած իրավիճակին շուրջ վարչապետը զրուցեց Ֆրանսայի նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի, Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կահր Ստորէյի, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ այլ երկիրներու նախագահներու եւ վարչապետներու հետ: Տարբեր երկիրներ իրենց մարդասիրական աջակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Հայաստանին՝ արցախցի տեղահանուածներուն օժանդակելու միտումով:

Զելինսքի իրենց զրոյցին մասին «Ինսթակրամ»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Մեր առաջին հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետը եւ ես կեդրոնացանք Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակին վրայ: Ուքրանիոյ շահերէն կը բխի, որ այդ տարածաշրջանին մէջ բնակող ազգերուն միջեւ կայունութիւն եւ բարեկամական յարաբերութիւններ տիրեն»:
Քառակողմ հանդիպումին զուգահեռ, Սպանիոյ տարբեր քաղաքներու հայ համայնքներու անդամներ հաւաքուեցան Կրանատայի մէջ՝ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը յայտնելու Արցախի ժողովուրդին: Բողոքի ցոյցը, որ կազմակերպուած էր «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան կողմէ՝ նպատակ ունէր իրազեկել մարդկութեան դէմ Ատրպէյճանի յանցագործութիւններուն մասին, դատապարտել Եւրոպական Միութեան մեղսակցութիւնը Ատրպէյճանի ցեղային զտումներուն եւ միջազգային անյապաղ միջամտութեան կոչ ուղղել՝ դադրեցնելու Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը:
Ցոյցին կազմակերպիչներէն Տիրան Կիլիկեան ներկայացուց ցուցարարներուն պահանջները եւ կարեւոր նկատեց Ատրպէյճանը՝ իր ցեղասպան քաղաքականութեան համար պատասխանատուութեան ենթարկելու կոչը:



«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան համակարգող Գասպար Կարապետեան ընդգծեց հայկական միասնութեան կարեւորութիւնը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի: Կարապետեան կոչ ուղղեց հայ համայնքին՝ միասնաբար բռունցք դառնալու՝ յանուն Արցախի:
Կրանատայի հաւաքը ուղերձ յղեց եւրոպական ղեկավարութեան՝ պահանջելով անյապաղ միջոցներու ձեռնարկել ատրպէյճանական շարունակուող ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ: