Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 5 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 1:50ի շուրջ կրակ բացին Նորաբակի հատուածին մէջ (Գեղարքունիքի մարզ) տեղակայուած հայկական դիրքերու անձնակազմին համար ուտելիք մատակարարող ինքնաշարժին ուղղութեամբ:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ տուժողներ չկան: