
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Նոյեմբեր 12ի երեկոյեան, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեան «Միջազգային Արդարութեան Ախոյեան» մրցանակը պիտի յանձնուի Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյին, Արցախի մէջ ցեղասպանութիւնը կասեցնելու նպատակով անոր ջանքերուն համար։
Արժանթինցի Օքամփօ մեծ հեղինակութիւն շահեցաւ յատկապէս 1985ին, Արժանթինի բռնատէր զինուորական հրամանատարներուն դէմ իր յաջողած դատերով եւ 2003ին ընտրուեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազը։ Ան այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 2012։
Անցեալ ամիս, երբ Թամ Լանթոսի անուան Քոնկրեսի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովը քննարկեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքի փակումին պատճառով Արցախի մէջ տիրող ճգնաժամը, Օքամփօ, որ աւելի կանուխ հաստատած էր, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը կարելի է ցեղասպանութիւն նկատել, յիշեցուց Պայտընի այն յայտարարութիւնը, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ կրկնուի եւ շեշտեց, որ հիմա ժամանակն է այդ խօսքը գործի վերածելու, ցեղասպանութեան կրկնութեան առաջքը առնելու համար, ազդարարութիւն մը՝ որ անտեսուեցաւ։
Օքամփօ հանգամանօրէն հակադարձեց այն պնդումներուն, թէ Ուաշինկթընէն կտրուկ քայլեր կրնան վնաս հասցնել հայկական կողմին եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն։ «Բանակցութիւնը ցեղասպանին եւ անոր զոհերուն միջեւ է: Կարելի չէր բանակցութիւններ հայցել Հիթլերի եւ Աշուիցի բանտարկեալներուն միջեւ, ինչ որ նման է Ալիեւի եւ ղարաբաղցիներուն միջեւ բանակութիւններուն: Այդ մէկը կարելի չէ բանակցութիւն կոչել: Նկատի ունենալով, որ նախագահ Ալիեւ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ եւ կը փորձէ ժխտել ցեղասպանութիւնը, ցեղասպանութիւնը ժխտելուն ուղղուած Ամերիկայի քաղաքականութիւնը կրնայ մեղսակցութիւն համարուիլ», յայտարարեց Օքամփօ:
«Մեր պատմութեան ամէնէն դաժան օրերուն, Օքամփոյի նման հեղինակութեան մը նեցուկը յոյս կը ներշնչէ հայութեան, որովհետեւ այդ ցոյց կու տայ, որ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն պաշտպան մը կայ միջազգային հարթակին վրայ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Օքամփոյին եւ կոչ կ՛ընենք աշխարհի օրէնսդիրներուն, որ անոր խրատներուն հետեւելով՝ կասեցնեն մարդկութեան դէմ յաւելեալ ոճիրներ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի տոմսերը ապահովելու համար այցելել https://ancawr.org/2023-gala-tickets/ կայքէջը։ Ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը պիտի յատկացուի Արցախի գաղթականներուն։