
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի վարչութիւնը, Արցախի հայաթափումին ստեղծած մարդկային ճգնաժամին հետեւանքները մասամբ դարմանելու նպատակով, որոշած էր 5 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախէն տեղահանուածներուն։
Այժմ, հիմնադրամը որոշած է գործի լծել «Արցախի գաղթականներու նախաձեռնութիւն» ծրագիրը, նախ շարունակելու համար առաւել քան 100,000 տեղահանուածներուն անմիջական աջակցութիւններ հասցնելու աշխատանքը, ապա նախաձեռնելու համար անոնց կեցութիւն ապահովելու ծրագիրներ եւ ապահովելու կրթական, առողջապահական եւ հոգեբանական սպասարկութիւններ:
Ծրագիրին երրորդ մասը պիտի յատկացուի գաղթականներուն գործի կարելիութիւններ գտնելու եւ կենսական այլ կարիքներ ապահովելու ջանքերուն։
Մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել armeniafund.org կայքը։