6 Հոկտեմբերին յայտարարուեցաւ, որ այս տարուան Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը՝ պիտի շնորհուի Իրանի մէջ երկար տարիներ կանանց իրաւունքներու պաշտպան հանդիսացած Նարկեզ Մոհամմատիին։
51ամեայ Մոհամմատին «ազատութեան մարտիկ» որակած Նոպէլեան յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ան յատկանշական աշխատանք տարած է նաեւ Իրանի մէջ մահապատիժը ջնջելու նպատակին հասնելու ուղղութեամբ։
Ներկայիս բանտարկուած Մոհամմատի առնուազն 13 առիթներով ձերբակալուած է իրանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ հինգ անգամ բանտարկութեան դատապարտուած է։