ՀՈՄՍԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔ ՄԸ 100 ԶՈՀԵՐ ԽԼԵՑ
Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մօտերը հաստատուած ամերիկեան ուժերու դիրքերուն մօտեցած թրքական անօդաչու թռչող սարք մը զգետնուեցաւ ամերիկեան «Էֆ.16» ռազմական օդանաւի մը կողմէ։
Այդ պահուն, հիւսիսային Սուրիոյ կարգ մը մասեր բռնագրաւած թրքական ուժերը ռազմական գործողութիւններ կը կատարէին Սուրիոյ ամերիկեան ուժերուն դաշնակից քրտական խմբաւորումներուն դէմ:
Հակառակ այս միջադէպին, թրքական ուժերը Ուրբաթ օր շարունակեցին իրենց յարձակումները, որոնք ցարդ մօտաւորապէս 10 զոհեր խլած են եւ նիւթական վնասներ պատճառած։
Միւս կողմէ, Դամասկոս խստօրէն դատապարտեց Հոմսի ռազմական համալսարանի սպաներու շրջանաւարտութեան հանդէսին ընթացքին մօտաւորապէս 100 զոհեր խլած Հինգշաբթի օրուան, անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումը եւ կոչ ուղղեց ՄԱԿին՝ դատապարտելու զայն եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու ահաբեկչութիւնը հովանաւորող երկիրները՝ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ իրենց գործած յանցագործութիւններուն համար։