Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին մամուլին տուած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ 19 Սեպտեմբերի «ատրպէյճանական գործողութիւններէն եւ անոր յաջորդած չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնալուծարման որոշումէն ետք, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութիւնը չէ աւարտած տակաւին»։
Ան յիշեցուց, որ 20 Սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը ձեռք բերուեցաւ միջնորդութեամբ ռուսական խաղաղապահներուն, որոնք տեղակայուած են Արցախի մէջ` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն, ապա շեշտեց, որ այսպիսով, Ռուսիա կը շարունակէ կատարել իր կարեւոր կայունացնող դերը Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Այսինքն` այն իրավիճակը, զոր կը տեսնէք հիմա, երբ ռազմական գործողութիւններ չկան, մեծ մասամբ Ռուսիոյ եւ անոր խաղաղապահ ուժերու կատարածին արդիւնքն է», ըսաւ Կազուլին:
Ան շեշտեց, որ հակամարտութիւնը տակաւին չէ աւարտած եւ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները տակաւին կը մնան:
«Խօսքը կարգ մը կարեւոր բաղադրիչներու վերաբերերող համաձայնութեան մասին է, ինչպէս՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, սահմանի սահմանազատումը, ապա խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը եւ կապերու հաստատումը հասարակական գործիչներու, փորձագիտական համայնքներու, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խորհրդարանականներուն միջեւ: Եւ Ռուսիա՝ իբրեւ ազնիւ միջնորդ, որ գործընկերային եւ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի երկու երկիրներուն հետ, պիտի ձգտի օգնել ապահովելու, որ մեր երկու դրացիներուն միջեւ կայուն, հաւասարակշռուած պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուին», յայտնեց Կալուզին:
Անդրադառնալով երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման մասին՝ Ան կիրարկեց Մեղրիի երթուղի ձեւակերպումը: «Այնուամենայնիւ, խօսքը Հայաստանի տարածքով երկաթուղիին մասին է, առ այդ, ես ինծի կ՛արտօնեմ օգտագործել Մեղրիի երթուղի անուանումը: Այո՛, Ատրպէյճանի մէջ անիկա «Զանգեզուրի միջանցք» կը կոչուի: Այսպէս ըսենք, որ այդ ձեւակերպումը գոհացնէ բոլորը: Մենք աշխոյժ կերպով կ՛օգնենք մեր ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն համաձայնութեան հասնելու: Կը կարծեմ, թէ այդ համաձայնութիւնը շատ կարեւոր գործօն պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ ընդհանուր կայունացման համար: Անիկա պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի բոլոր պետութիւններու տնտեսական զարգացման, որովհետեւ Հայաստան այս պարագային կարելիութիւն պիտի ստանայ դառնալ հաղորդակցութեան հանգոյց, պիտի ամրապնդէ եւ ընդլայնէ իր երթեւեկի կապերը թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ռուսիոյ հետ:
«Ատրպէյճան պիտի ստանայ երկրի երկու հատուածներուն միջեւ անխափան, հետեւողական երթեւեկի հաղորդակցութեան կարելիութիւնը: Եւ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի ընդհանուր կայունացումը պիտի ծառայէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապագայի համար վստահութեան հիմքերու ամրապնդման: Այնպէս որ, մենք տրամադրուած ենք շարունակել յառաջ տանիլ այդ խորհրդակցութիւնները եռակողմ աշխատանքային խումբի մը ծիրին մէջ», ըսաւ Կալուզին:
Ան նաեւ նշեց, որ դէմ չեն Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան, եթէ անոնք կը փափաքին օգնել։ «Բայց, եթէ մենք կը խօսինք ռուսական զարգացումներէն օգտուելու եւ առանց Ռուսիոյ գործելու մասին, յստակ է, որ նման մօտեցում ընդունելի չէ մեզի համար»:
Ան կրկնեց աւելի կանուխ Մոսկուայի արտայայտած այն կարծիքը, որ՝ «Եւրոպական Միութիւնը այդքան ալ մտահոգուած չէ կարգաւորումով, որքան Ռուսիան տարածաշրջանէն դուրս մղելով»:
Կալուզին նաեւ խօսեցաւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մասին՝ դիտել տալով, որ անիկա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը մնայ աւելի քան պահանջուած՝ շեշտելով, որ ռուս զինուորականները ընկերակցեցան տարհանման շարասիւներուն` երաշխաւորելով կարգը եւ ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ շփումներ տեղի կ՛ունենան Արցախի հայերուն եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Ղարաբաղի հետագայ զարգացման վերաբերեալ շարք մը շատ բարդ հարցեր նոյնպէս կը լուծուին Արցախի հայերու ներկայացուցիչներու եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն միջեւ` ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ:
«Մեր խաղաղապահներուն դերը պահանջուած է, եւ կը կարծեմ, թէ ապագային եւս անիկա անհրաժեշտ պիտի ըլլայ: Նախ այնտեղ մնացած ղարաբաղցիները պէտք է իրենք զիրենք հանգիստ զգան: Կարելի չէ բացառել, որ այսօր Ղարաբաղէն հեռացածներէն ոմանք փուլի մը որոշեն վերադառնալ: Իսկ խաղաղապահներու ներկայութիւնը այս մարդոց համար կը դառնայ հանգստութեան յաւելեալ գործօն: Ուրեմն, ես չեմ կրնար ըսել, թէ Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահներուն գործունէութիւն սպառած է: Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ հաստատուած խողովակներով կը քննարկուի եւ կը լուծուի այն հարցը, թէ ինչպէս կրնայ ըլլալ այս առաքելութեան հետագային մնալու եղանակները», յայտնեց Կալուզին:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ յառաջիկային Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ նախատեսուա՞ծ են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ՝ ան ըսաւ, որ երբեք չէ ընդհատուած երկխօսութիւնը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ, եւ այս տարուան 12 Հոկտեմբերին, Պիշքեկի մէջ` ԱՊՀի վեհաժողովի ծիրին մէջ նախատեսուած է արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով քննարկումներ իրականացնել։
«Ատրպէյճանական կողմը արդէն տուաւ իր սկզբունքային համաձայնութիւնը: Եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ հայկական կողմը նոյնպէս ամենայն պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ այս հարցին եւ կը համաձայնի մասնակցիլ նման բանակցութիւններու», դիտել տուաւ Կալուզին: