(ՄԱՀՈՒԱՆ 110ԱՄԵԱԿ)
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

110 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 28ին, (նոր տոմարով՝ Հոկտեմբեր 15), Պոլսոյ «Ազատամարտ» թերթը հետեւեալ տողերով կը գուժէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամներէն Սիմոն Զաւարեանի մահը․
«Երէկ, ժամը 4 ու կէսին իր բնակարանէն «Ազատամարտ»ի խմբագրատունը եկած ատեն, Թաքսիմ Աշխատանքի տան առջեւ Սիմոն Զաւարեան ուշաթափ ինկաւ գետին: Անմիջապէս փոխադրուեցաւ ֆրանսական հիւանդանոց, ուր բժիշկներ անհրաժեշտ դարմաններ փութացուցին… Բայց ի զուր: Ընկեր Զաւարեան այն պահուն որ գետին ինկած էր, մեռած էր արդէն: Բժիշկներու յայտարարութեամբ, մահը առաջ եկած էր սրտի կաթուածէ»:
Անոր դիակը, համազգային թափօրով տարուեցաւ Պոլիսէն Թիֆլիս եւ յուղարկաւորուեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ։ 1999ին, Զաւարեանի աճիւնները փոխադրուեցան Հայաստան եւ ամփոփուեցան իր հայրենի գիւղին՝ Այգեհատի մէջ։
Անհերքելի փաստ է Զաւարեանի ձգած դրոշմը Դաշնակցութեան վրայ, թէ՛ անոր կառոյցի ձեւաւորման, թէ՛ անոր ծրագիրին եւ մանաւանդ անոր բարոյական ըմբռնումներուն եւ բարոյական դիմագիծին։ Պատահական չէ, որ ան իր ժամանակակիցներուն իսկ կողմէ կոչուեցաւ Դաշնակցութեան Խիղճը։
Զաւարեան ծնած է 1866ին Լոռիի Այգեհատ գիւղը։ Նախնական ուսումը գիւղի դպրոցը ստանալէ ետք, կը տեղափոխուի Թիֆլիս, ուր կ՛աւարտէ Ներսիսեան դպրոցը։ Ապա կը մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ եւ կ՛ընդունուի նշանաւոր Փեթրովսքիի գիւղատնտեսական ակադեմիան, զոր առաջին կարգի մրցանակով կ՛աւարտէ 1890ին։ Այս ժամանակաշրջանին (1882-1886), Սիմոն Զաւարեան, Քրիստափոր Միքայէլեանի հետ մաս կազմած է հայ «նարոտնիկ»ական խմբակին։ Ուսման աւարտին, ան կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ կը սկսի անոր հասարակական կեանքը։ Կը մասնակցի Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովներուն եւ իր դերը եւ դրոշմը մեծ կ՛ըլլան Դաշնակցութեան նպատակներուն, ուղղութեան եւ կազմակերպական ըմբռնումներու եւ բարոյական ըմբռնումներու բանաձեւումներուն մէջ։ Խօսքը տանք անոր.
«Մեր ուղղութիւնը պարզ էր՝ ծառայել մեր ժողովուրդին, թեթեւացնել նրա կրած ծանր բեռը, բանալ նրա աչքերը, կռուիլ նրա կեղեքողների, խաբողների դէմ» («Յառաջ», Թիֆլիս, 1905)։
Այս ոգիով ալ ան կը սկսի գործել որպէս դաշնակցական։ Կուսակցութեան հիմնադրութենէն ետք, իբրեւ տնօրէն, Յ. Արղութեանի հետ կ՛անցնի Տրապիզոն, ուր կը ձերբակալուի, կը բանտարկուի եւ ապա որպէս ռուսահպատակ կը յանձնուի ռուսական իշխանութիւններուն, որոնք զինք եւ Արղութեանին կ՛աքսորեն Պեսարապիա, ուր կը գտնուէր Քրիստափոր Միքայէլեան։ Անոնք միասնաբար կը նախագծեն ՀՅԴ Ա. Ընդհանուր ժողովի նախագիծը։ 1892ին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր իր ջանքերով կը գումարուի Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր ժողովը։ Այս ժողովին, Դաշնակցութիւնը իր ջանքերով կ՛որդեգրէ ապակեդրոն գործելաոճը, որ մինչեւ այսօր ալ կը հանդիսանայ ՀՅԴի կանոնագիրի հիմքը։ Միքայէլ Վարանդեան, անդրադառնալով Զաւարեանի ապակեդրոնացման ջատագով ըլլալու փաստին կը գրէ. «Պէտք է ամենալայն իրաւունքներ տալ տեղական կոմիտէներուն, կ՛ըսէր նա. այդպէս միայն կազմակերպութիւնը կրնայ աճիլ ու բարգաւաճիլ. այլապէս, ան պիտի ենթարկուի Հնչակեանութեան ճակատագրին: Անհնարին է, որ կենտրոնական մարմին մը, բացարձակ լիազօրութիւններով օժտուած, Թիֆլիզէն, Պոլսէն, Ժընեւէն կամ Լոնտոնէն հրահանգներ արձակէ հայութեան բոլոր վայրերու տեղական գործունէութեան համար: Թո՛ղ կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովը մշակէ ընդհանուր սկզբունքներն ու տաքտիկը (գործելաոճը), բայց թ՛ող իւրաքանչիւր վայրի ընտրեալ մարմինը ինքը վարէ իր տեղական գործերը… ղեկավարուելով նոյն ընդհանուր սկզբունքներէն»:
Անոր կը պատկանի նաեւ կանոնագիրով ամրագրուած այն հասկացողութիւնը, որ դաշնակցականը իրաւունքներ չունի, այլ պարտաւորութիւններ եւ հոգեկան բաւարարութիւն։ Այնուհետեւ, մինչեւ 1902 ան կը մնայ Կովկաս եւ կը վարէ կուսակցական գործերը։ 1902ին կ՛անցնի Ժընեւ, որպէս Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագիր։ 1904ին, Խանասորայ Վարդանի հետ կը մեկնի Կիլիկիա եւ Լիբանան դաշնակցական կառոյցներ ստեղծելու։ Լիբանանի մէջ կը հիմնէ ուսանողական միութիւն մը, որ իր մահէն ետք կը կրէ իր անունը եւ մինչեւ այսօր որպէս ՀՅԴի ուսանողական միութիւն կը գործէ։ 1906ին կը վերադառնայ Կովկաս եւ կը վարէ կուսակցական եւ հասարակական գործերը։
Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք, Զաւարեան կ՛անցնի Պոլիս։ 1909ին, Ատանայի ջարդերէն ետք կ՛այցելէ Ատանա, թրքական ոճիրներուն փաստերը արձանագրելու։ Նոյն տարին կը մեկնի Մուշ, որպէս Տարօնի ազգային դպրոցներու ընդհանուր տեսուչ։ 1911ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ մինչեւ իր մահը կը զբաղի ուսուցչութեամբ եւ Պոլսոյ «Ազատամարտ» թերթին աշխատակցելով։
Իր անբասիր էութեան նման եղաւ անոր համակ կեանքը։ Զաւարեանը իր գաղափարակից ընկերոջ Քրիստափորի նման կը հաւատար անձնական օրինակով կերտել հայ մարդու եւ առաւել եւս՝ Դաշնակցականի կերպարը։ Ահա այս պատճառով ալ ան դարձաւ իտէալականացած բարոյականութեան տիպարը։ Ան ամենուրեք քարոզեց ժուժկալութիւն եւ խնայողութիւն։ 1890ին պատահած հետեւեալ դէպքը լաւագոյն ձեւով կը բնորոշէ անոր նկարագիրը։ Կուկունեանի արշաւանքի նախօրէին, Դաշնակցութիւնը գործիչ կը ղրկէ Կարս, համոզելու Կուկունեանին, որպէսզի յետաձգէ արշաւանքը։ Իր գործուղման վերադարձին ան հաշիւ կը ներկայացնէ (ճամբու ծախս, ուտելիք, հիւրանոց եւայլն) 100 ռուբլի։ Որոշ ժամանակ ետք, նոյն խնդրին համար Զաւարեան կը մեկնի Կարս, 15 օր մնալէ ետք կը վերադառնայ եւ հաշիւ կը ներկայացնէ միմիայն… 17 ռուբլի։ Իսկ 1904ին, երբ կը գտնուէր Կիլիկիա, տեսնելով այնտեղի ընկերներուն չարաշահումները, դատական ատեան կը հիմնէ եւ բազմաթիւ ընկերներ կը հեռացնէ Դաշնակցութեան շարքերէն։
Զաւարեան քաղաքական դպրոց մըն է նաեւ ոչ միայն դաշնակցականներուն, այլ նաեւ հայ քաղաքական գործիչներուն առհասարակ։ ՀՅԴ 5րդ Ընդհանուր ժողովին Ռուսիոյ մասին անոր արտասանած ճառը (Ռուբէն Տէր Մինասեան յիշողութեամբ գրած է իր յուշերուն 6րդ հատորին մէջ), քաղաքական վերլուծումի եւ մտածողութեան բարձրագոյն ցուցանիշ մըն է եւ ուսանելի դաս մը՝ հայ քաղաքական միտքին։
Իսկ Սիամանթոյի գրած «Զաւարեանի Հոգին» բանաստեղծութիւնը ամբողջական պատկերը կու տայ Զաւարեանի էութեան, նկարագիրին եւ մարդկային յատկանիշներուն։ Սիամանթօ հոն կը գրէ․ «Եւ դուն տաճարներ մաքրագործող ընկերային Նազովրեցի…»։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խիղճն ու նկարագիրը։ Այս երկու բառերով կարելի է բնութագրել ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան անդամ Սիմոն Զաւարեանը։