Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը որդեգրեց «Մարդասիրական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» բանաձեւը եւ համանուն խորհրդատուութիւնը:
Այս մասին տեղեկացուց ԵԽԽՎի մօտ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան:
Բանաձեւը կը դատապարտէ 19 Սեպտեմբեր 2023ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները: Վեհաժողովը ճշդեց, որ Արցախի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը հեռացած է իր հայրենիքէն՝ ֆիզիքական ոչնչացման վտանգին եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան երկարամեայ հայատեաց քաղաքականութեան պատճառով:
Վեհաժողովը ճշդեց, որ ցեղային զտումներու իրականացման հիմնաւոր կասկածներ կան:
Վեհաժողովը նշեց, որ ցեղային զտումներու իրականացումը՝ իբրեւ ռազմական կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, կրնայ պատճառ դառնալ անհատական քրէական պատասխանատուութեան:
Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Նախարարներու կոմիտէին՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ ձեռնարկելու դիտարկման գործընթացի՝ հիմք ընդունելով Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներուն կողմէ ստանձնած յանձնառութիւններու կատարման վերաբերեալ 1994ի հռչակագիրը:
Կոչ ուղղուեցաւ Նախարարներու կոմիտէին եւ Խորհրդարանական վեհաժողովին միջեւ յաւելեալ ընթացակարգի սկսելու՝ իբրեւ պատասխան Ատրպէյճանի կողմէ կանոնադրական պարտաւորութիւններու լուրջ խախտման:
Բանաձեւը կը յայտնէ, որ եթէ Ատրպէյճան իր պարտաւորութիւնները չկատարէ, այլ ընտրութիւն չ՛ունենար, բացի 2024ին ԵԽԽՎի առաջին նստաշրջանին վիճարկել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան յանձնարարութիւնը (ինչ որ կը նշանակէ, որ ԵԽԽՄի մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը առնուազն ժամանակաւորապէս կը դադրեցուի):
Վեհաժողովը կ՛անդրադառնայ վերջին երկու շաբաթներուն առաւել քան 100,600 հայերու Լեռնային Ղարաբաղէն հեռանալու փաստին, կ՛արձանագրէ անոր պատճառները՝ 19 Սեպտեմբեր 2023ին Ատրպէյճանի կողմէ սկսած ռազմական գործողութիւնները եւ անոր նախորդած՝ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով ստեղծուած ճգնաժամը:
Վեհաժողովը խորապէս համոզուած է, որ Արցախի բնակչութեան ողբերգական արտագաղթը պէտք չէ ընդունուի իբրեւ նոր իրականութիւն:
Իբրեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիր՝ Ատրպէյճան պէտք է պահպանէ հաւատարմութիւն կազմակերպութեան հիմնական արժէքներուն նկատմամբ եւ դրսեւորէ պատրաստակամութիւն՝ միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու համար:
Վեհաժողովը յղում կը կատարէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 22 Սեպտեմբեր 2023ին ընդունած որոշումին՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոցներու կիրարկման վերաբերեալ եւ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ կատարելու զանոնք:
Վեհաժողովը հասցէական կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերադարձը ապահովելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու համար, ինչպէս նաեւ ապահովելու տարածաշրջանի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ազատ արձակել Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր բանտարկուած ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները:
Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ իրենց հայրենիքէն Արցախի հայերու բռնի տեղահանութեան պատճառով յառաջացած մարդասիրական ծանր իրավիճակին եւ կ՛ընդգծէ Հայաստանին աջակցելու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ՝ Եւրոպական խորհուրդի գործողութիւններուն միջոցով:
Վեհաժողովը խորապէս համոզուած է, որ երկարամեայ եւ ողբերգական հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ ուղիով, երկխօսութեան եւ բարի կամքի միանշանակ ազդանշաններու միջոցով, կիրարկելի միջազգային իրաւունքի հիման վրայ՝ ամբողջական յարգանք ցուցաբերելով հոն ապրող իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ:
Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ ընել ամէն ինչ, ցոյց տալու համար դրացի Հայաստանի հետ խաղաղ ապրելու պատրաստակամութիւնը:
Վեհաժողովը կ՛ակնկալէ, որ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան կը յարգեն իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ հիմք ընդունելով 1991ի Ալմաթիի հռչակագիրը:
Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ՝ բանալու տարածաշրջանային կապուղիները՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ եւ ազգային իրաւասութեան ծիրին մէջ: Այս պարունակին մէջմ վեհաժողովը կ՛ընդգծէ, որ Նախիջեւանի հետ հնարաւոր կապը չի կրնայ գործարկուիլ Հայաստանի կամքին հակառակ եւ ի վնաս Հայաստանի ազգային շահին:
Վեհաժողովը կ՛ակնկալէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը՝ կազմակերպելու միջազգային կառոյցներու բարձր մակարդակի փաստահաւաք այցելութիւններ:
Անիկա նկատել կու տայ, որ ի լրումն Եւրոպայի խորհուրդի համապատասխան հաստատութիւններու եւ մարմիններու տարածաշրջան մուտք գործելու հրատապ անհրաժեշտութեան, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է կանոնաւոր կերպով ԵԽի ընդհանուր քարտուղարին եւ Նախարարներու կոմիտէին տրամադրէ ամբողջական եւ մանրամասն տեղեկատուութիւն ձեռնարկուած կամ նախաձեռնուելիք միջոցառումներուն վերաբերեալ, որոնք կը միտին պաշտպանել եւ ընդլայնել ձեռք բերուած համաձայնութեամբ նախատեսուած տարածաշրջանի հայերու իրաւունքները եւ ազատութիւնները՝ ներառեալ ապահովութիւնը անոնց, որոնք վերադառնալու փափաք պիտի դրսեւորեն:
«Խորհրդարանական վեհաժողովը հրաւիրում է Նախարարների կոմիտէին հրատապ միջոցներ ձեռնարկել՝ հասցէագրելու Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ ողջ հայ բնակչութեան արտագաղթը, նրանց վրայ ազդող մարդասիրական ու մարդու իրաւունքների ճգնաժամը: Խորապէս մտահոգուած է իրավիճակով, որը էթնիկ զտումների բազմաթիւ կասկածներ է առաջացնում:
Ափսոսանք է յայտնում, որ Ադրբեջանը չի յարգել հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու յանձնառութիւնը, որ ստանձնել է Եւրոպայի խորհրդին անդամակցելիս:
Վեհաժողովը պահանջում է, որ գլխաւոր քարտուղարը եւ Նախարարների կոմիտեն հնարաւորինս արագ կազմակերպեն Եւրոպայի խորհրդի փաստահաւաք առաքելութեան այցը, որը նպատակ կ’ունենայ տեղում գնահատել եւ նախանշել ձեռնարկուելիք միջոցները՝ տեղի հայերի իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ ներառեալ նրանց, ովքեր ապաստան են գտել երկրից դուրս, եւ ապահովելու բոլոր նրանց անվտանգ վերադարձը, ովքեր վերադառնալու ցանկութիւն կ’ունենան: Ողջունում է Միգրացիայի եւ փախստականների հարցերով Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցչի փաստահաւաք առաքելութիւնը Հայաստան՝ ստեղծուած իրավիճակում Կազմակերպութեան կողմից տրամադրուելիք աջակցութիւնը գնահատելու համար: Վեհաժողովը նշում է, որ աչալրջօրէն հետեւելու է Ադրբեջանի իշխանութիւնների կողմից ձեռնարկուող միջոցառումներին եւ վերջինիս կողմից ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնների կատարմանը», տեղեկացուց Ռուբինեան: