Պաքուի մէջ բանտարկուած հրամանատարներ Լեւոն Մնացականեան եւ Դաւիթ Մանուկան Հակարիի կամուրջէն երկու շաբաթ առաջ առեւանգուելէ ետք, այս օրերուն վերջապէս կապ հաստատեցին իրենց հարազատներուն հետ։
27 Սեպտեմբերին ատրպէյճանցիներուն կողմէ ձերբակալուած Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար, զօր. Դաւիթ Մանուկեան երկու օր առաջ ընտանիքի անդամներուն հետ կարճատեւ զրոյց մը ունեցաւ:
Դաւիթ Մանուկեանի եղբայրը` Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկան, «Ազատութեան» փոխանցեց, որ զրոյցը եղած է ռուսերէնով: Ան կ՛ենթադրէ, որ այդ ձեւով ատրպէյճանցիները կը փորձեն հսկել խօսակցութիւնը: Անոնք նաեւ տեղեակ են, որ Կարմիր Խաչէն ցարդ ոչ ոք այցելած է Դ. Մանուկեանին:
Պատգամաւորը պատմեց, որ եղբայրը Հակարիի կամուրջը անցնելու ատեն գտնուած է ինքնաշարժին մէջ, որուն մէջ այդ պահուն գտնուած են նաեւ հրամանատարի կինը եւ Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալը 2021էն ի վեր դադրեցուցած է իր զինուորական ծառայութիւնը` անցնելով թոշակի: Առեւանգումէն երկու օր ետք՝ 29 Սեպտեմբերին, Պաքու զայն 4 ամիսով բանտարկեց` զայն մեղադրելով Ղարաբաղի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու յանցանքով:
Ըստ «Ազատութեան» ունեցած տեղեկութիւններուն` այս օրերուն առաջին անգամ ըլլալով հեռաձայնով հարազատներուն հետ կապ հաստատեց նաեւ Ատրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մեկուսարանին մէջ պահուող զօր. Լեւոն Մնացականեան: Անոր բանտարկուելէն երկու շաբաթ անցած է, սակայն, ի տարբերութիւն գերի տարուած միւս զինուորականներուն եւ քաղաքական գործիչներուն, Լեւոն Մնացականեանի վերաբերեալ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները որեւէ լուսանկար կամ տեսանիւթ չեն հրապարակած: Մինչեւ այսօր, անոր հետ Կարմիր Խաչի անդամներ եւս չեն տեսակցած:
2015էն 18 Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը ատրպէյճանցիները ձերբակալեցին 29 Սեպտեմբերին, Հակարիի կամուրջէն ։ Պաքու զայն կը մեղադրէ «անօրինական խմբաւորման անդամակցելու եւ 2002ին Ալխանլի գիւղին մէջ խումբ մը ատրպէյճանցիներ գերի բռնելու ու խոշտանգելու» յանցանքով: Ատրպէյճան կը պնդէ, որ Լեւոն Մնացականեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարած է տակաւին 2006էն։
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Հայաստանի գրասենեակէն հաստատեցին, որ ոչ միայն բարձրաստիճան զինուորականներուն, այլ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ գերի տարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան որեւէ ներկայացուցիչի չեն այցելած կազմակերպութեան անդամները։
«Ազատութեան»ը կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ գերի տարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան բոլոր ութ անդամներն ալ, որոնց կարգին երեք նախկին նախագահները, այս կամ այն ձեւով կապ հաստատեցին իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ:
Ռուբէն Վարդանեանի որդին «Նիուզ»ին յայտնեց, որ այս օրերուն ան խօսած է իր կնոջ հետ եւ ըսած, որ իր վիճակը լաւ է։