Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը շարունակէ մնալ զինուորական սահմանափակ գործողութիւններու վկան՝ ստեղծելով իրավիճակ մը, որ աւելի քան զինեալ բախում է եւ նուազ քան պատերազմ:
Կիրակի առաւօտեան «Հըզպալլա»ի զինուորական տեղեկատուութեան բաժանմունքը յայտնեց, որ իր մարտիկներէն Մուժահետ Հիւսէյն Քամալ Մասրի նահատակուած է իսրայէլեան ռմբակոծումներու պատճառով։ Աւելի կանուխ, հարաւային Լիբանանէն արձակուած հակահրասայլային հրթիռ մը արձակուեցաւ դէպի Շթուլա բնակեցման վայրը, վիրաւորելով չորս իսրայէլացիներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:
Շուրջ կէս ժամ ետք, իսրայէլեան ուժերը յայտարարեցին, որ լիբանանեան սահմանագիծէն 4 քլմ. խորքի վրայ գտնուող իսրայէլեան բոլոր շրջանները փակած են՝ ընդգծելով, որ այդ շրջաններուն մէջ շարժումը վտանգաւոր է:
«Հըզպալլա»ն հաղորդեց, որ Շթուլայի մէջ իսրայէլեան զինուորական կեդրոն մը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է՝ պատճառելով շարք մը վիրաւորներ: Նշուեցաւ, որ «Հըզպալլա»ն այդ գործողութիւնը կատարած է՝ պատասխանելու համար Ուրբաթ օր, Իսրայէլի կողմէ թիրախ դարձուած լրագրողներու խումբին, ինչպէս նաեւ Շեպաայի մէջ քաղաքայիններու զոհուելուն:
Յայտնենք, թէ յարձակումին պատճառով զոհուած էր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան լուսանկարիչ-լրագրող Իսամ Ապտալլա:
Աւելի ուշ, «Հըզպալլա»ն հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ լիբանանեան գիւղաքաղաքները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելուն պատճառով, դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձուցած են սիոնական Ռահեպ զինուորական դիրքը եւ քանդած հրասայլ մը՝ վնասներ պատճառելով նաեւ անոր անձնակազմին:
Իսրայէլեան ուժեր յայտնեցին, թէ Մթըլէի մէջ սպաննուած է իսրայէլացի քաղաքային մը՝ «Հըզպալլա»ի ռմբակոծումին պատճառով:
Փոխադարձ ռմբակոծումներ շարունակուեցան նաեւ յերտմիջօրէին։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Իսրայէլ ոչ մէկ շահ ունի հիւսիսային իր սահմանին վրայ պատերազմի նոր ճակատ մը բռնկեցնելու:
Կալանթ իր խօսքը ուղղելով «Հըզպալլա»ին՝ յայտնեց, որ եթէ անոնք ինքնազսպումի ենթարկուին, իրենք եւս ինքնազսպումի պիտի դիմեն՝ աւելցնելով, որ այս պատերազմը քանդիչ է եւ շրջանին իրականութիւնը յաւիտեանս փոփոխութեան պիտի ենթարկէ:
Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը հեռու պահելու պատերազմէն կամ անկայուն որեւէ իրավիճակէ:
Ֆրանսայի նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանցիները եւ «Հըզպալլա»ն պէտք է հեռու մնան Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ բռնկած տագնապէն: