Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ Նարեկ Մանասեան դարձաւ Եւրոպայի բաժակի անդրանիկ մրցաշարքի ոսկի մետալի տիրացողը:
Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին, 92 քլկ. դասակարգի մրցումներու աւարտականին, Մանասեանի մրցակիցը՝ Իտալիայէն Ազիզ Ապպես Մուհիտին, որ վիրաւորուած ըլլալով՝ չներկայացաւ մենամարտին եւ յաղթանակը շնորհուեցաւ հայ մարզիկին:
Աւելի կանուխ, Հայաստանի հաւաքականէն Ռուդոլֆ Գաբրոյեան շահեցաւ արծաթ մետալ, իսկ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան, Ռուսլան Ասլիկեան եւ Բարեկամ Յարութիւնեան՝ պրոնզ: