ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած Թել Աւիւ-Երեւան յատուկ թռիչքով, Հայաստանի քաղաքացիներ եւ անոնց ընտանիքի անդամները Երկուշաբթի օր հասան Հայաստան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Իսրայէլէն Հայաստան տեղափոխուած են «149 Հայաստանի քաղաքացիներ եւ ազգութեամբ հայեր»:
Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի եւ հիւսիսային շրջաններու հոգեւոր հովիւ Տիրայր քահանայ Յովակիմեան կը յայտնէ, որ իր ընտանիքը բերած է հայրենիք եւ մտադիր է վերադառնալ Իսրայէլ՝ հոգեւոր իր ծառայութիւնը շարունակելու համար:
«Ընտանիքիս եմ բերել: Նրանք կը մնան որոշ ժամանակ, մինչեւ հանդարտուի, բայց ես ծառայութեան մէջ եմ: Կարճ ժամանակահատուածում պիտի վերադառնամ, որպէսզի համայնքում լինեմ», ըսաւ հոգեւորականը:
Հայֆա քաղաքէն դստեր եւ նորածին թոռնիկին հետ հայրենիք ժամանած Նայիրա Առաքէլեան նշեց, որ զաւակներուն եւ թոռնիկներուն կեանքին ապահովութեամբ մտահոգ կ՛ապրէր Իսրայէլի մէջ: «Շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել Հայաստանի կառավարութեանը աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ Իսրայէլից յատուկ թռիչքը կազմակերպելու համար», աւելցուց ան։