Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ, 17 Հոկտեմբերին շարունակուեցաւ 70ամեայ արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանի գործով դատավարութիւնը: Դատախազը հրապարակեց մեղադրական եզրակացութեան եզրափակիչ մասը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը:
Պաքուի զինուորական դատարանի բազմամարդ դահլիճին մէջ՝ Ատրպէյճանի դատական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ տասնեակ տեսախցիկներուն դիմաց, արցախցի Վագիֆ Խաչատրեան հերքեց իրեն վերագրուող ծանր մեղադրանքները: «Ես չեմ մասնակցած այդ կռիւին», հաստատեց ան՝ աւելցնելով, որ երբեք չէ եղած զօրախումբի անդամ, ոչ ալ կազմակերպիչ։
Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.»՝ Վագիֆ Խաչատրեան նիստին ընթացքին յայտարարեց փաստաբան Նաթիկ Պէյպալաեւի ծառայութիւններէն հրաժարելուն մասին, նոր պաշտպան նշանակուեցաւ Ռատմիլա Ատիլովան: Մինչդեռ «Թրենտ»ը յայտարարեց, թէ Պէյպալաեւ ի՛նք հրաժարեցաւ Խաչատրեանի հետագայ պաշտպանութենէն` վատառողջ ըլլալու պատճառաբանութեամբ:
Վագիֆ Խաչատրեան կը մեղադրուի՝ իբր թէ Մեշալի գիւղին մէջ ցեղասպանութիւն կատարելուն մէջ: Ըստ Ատրպէյճանի իրաւապահներուն` 90ականներուն Մեշալի գիւղին մէջ Խաչատրեան «25 հոգի սպաննած է եւ հոն ապրողներուն 5.5 միլիոն մանաթի վնաս հասցուցած է»։
Խաչատրեանի ընտանիքը կը պնդէ, որ այդ բոլորը կեղծ են, հայրը ոչ ոք սպաննած կամ վնասած է. ան սովորական վարորդ մը եղած է:
Պաշտօնական Երեւան այս դատավարութիւնը շինծու կը նկատէ: