Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական «հանրապետութեան» նախագահ Էրսին Թաթար առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութիւնը մը տուաւ Ատրպէյճան, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Թաթարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ մասնակցեցաւ զանազան ձեռնարկներու: