Ուաշինկթընի մէջ չեն բացառեր, որ ամերիկեան զօրքերը կրնան մասնակցիլ Կազայի մէջ գերի պահուող համաքաղաքացիները ազատելու գործողութիւններուն, ըսաւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի, մինչ նախագահ Ճօ Պայտըն կը ծրագրէ Չորեքշաբթի օր այցելել Իսրայէլ։ Քըրպի յայտնեց, թէ Կազայի մէջ պահուող ամերիկացի գերիներու հարցը նախագահին գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է:
«Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի «60 Մինիթզ» յայտագիրին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Պայտըն յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ Կազայի բռնագրաւման որեւէ քայլ «մեծ սխալ» պիտի ըլլայ` յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ Եգիպտոսի եւ Կազայի սահմանին գտնուող անցակէտը պիտի բացուի, որպէսզի ապահովէ մարդասիրական օգնութեան մուտքը եւ օտարերկրեայ քաղաքացիներուն կարելիութիւն տրուի հեռանալու շրջանէն, որովհետեւ իսրայէլեան զօրքերը կը շարունակեն պատրաստուիլ ցամաքային ներխուժման: Իսրայէլ կը շարունակէ մերժել այս առաջարկը։
«Այդ ուղին, որ կը կոչուի «երկու պետութիւններու ստեղծումով լուծում», տասնամեակներ շարունակ եղած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը: Անիկա Իսրայէլի կողքին անկախ պետութիւն պիտի ստեղծէ 5 միլիոն պաղեստինցիներուն համար, որոնք կ՛ապրին Կազայի եւ Արեւմտեան Ափին մէջ», աւելցուց Պայտըն:
Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարեց, որ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է «Համաս»ի յարձակումին հակադարձելու իսրայէլեան գործողութիւնները՝ վստահեցնելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է զսպելու որեւէ պետութիւն կամ կողմ, որ կը փորձէ պատերազմը մագլցումի մղել:
«Իրանի զինեալ ուժերը պիտի չմասնակցին (Կազայի) կռիւին, պայմանով, որ իսրայէլեան վարչակարգը չհամարձակի յարձակիլ Իրանի, անոր շահերուն եւ քաղաքացիներուն վրայ», յայտարարեց ՄԱԿի մօտ Իրանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Գահիրէի մէջ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին մերժեց պաղեստինցիները Կազայէն վտարելու գաղափարը եւ ըսաւ. «Անոնք պէտք է կարենան իրենց հայրենիքին մէջ մնալ»:
Նշենք, որ Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար Տանի Այալոն Եգիպտոսին կոչ ուղղած էր՝ գործակցելու, պաղեստինցիներուն համար Սինայի անապատին մէջ վրաններ լարելով, որովհետեւ հոն «անվերջ տարածք կայ»:
Յայտնենք, որ ամբողջութեամբ պաշարուած Կազայի մէջ իսրայէլեան շարունակուող ռմբակոծումներուն պատճառով պաղեստինցի զոհերուն թիւը հասաւ 3000ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 12,500։ Նաեւ, իսրայէլացիները Արեւմտեան Ափին մէջ սպաննած են 61 պաղեստինցի ցուցարարներ։ Ցարդ հիւսիսային Կազայէն տեղահանուած են առաւել քան մէկ միլիոն պաղեստինցիներ։
ԶՈՀ ՄԸ` ՆԱԵՒ ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ
Պաղեստինցի զոհ մը արձանագրուեցաւ նաեւ Շիքակոյի մէջ, երբ 71ամեայ տանտէր մը դաշունահարեց պաղեստինցի կին մը եւ անոր վեցամեայ զաւակը… բողոքելու համար Իսրայէլի վրայ «Համաս»ի յարձակումին դէմ։ 26 անգամ դաշունահարուած մանուկը սպաննուեցաւ, իսկ մայրը ծանր վիճակի մէջ է։