ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐ ՅՂՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամով հետ։
«Նախարարները քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու, տարածաշրջանի եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը», կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Կը նշուի, որ կողմերը համեմատեցին դիրքորոշումները տարածաշրջանային «3+3» (Հայաստան, Ատրպէյճան, Իրան, Թուրքիա, Ռուսիա եւ Վրաստան) հարթակի գործունէութեան առնչութեամբ եւ պայմանաւորուեցան շարունակել շփումները։
«Ընդգծուեցաւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաւասար եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ այսօր ստեղծուած պատմական առիթը չկորսնցնելու կարեւորութիւնը», հաղորդեց Պաքու։
Ատրպէյճանական աղբիւրներ նաեւ հաղորդեցին, թէ Հայաստան հրաւիրուած է «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումին եւ արդէն տուած է իր համաձայնութիւնը, սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան Ուրբաթ օր լրագրողներու յայտնեց, թէ Երեւան տակաւին չէ արձագանգած եւ հարցը քննարկումի ընթացքին մէջ է։