Տարածաշրջանային խորհրդակցութեան հարթակի «3+3» ձեւաչափով հանդիպման մասնակցելու նպատակով Թեհրան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 23 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիի հետ. անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ երկու դրացի եւ բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ երկու ժողովուրդներու հազարամեայ եղբայրութեան վրայ:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին տարբեր ոլորտներու մէջ Հայաստան-Իրան փոխգործակցութեան խորացումը եւ այդ ուղղութեամբ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման նպատակով գործուն քայլերու իրականացումը:
Իրանի նախագահը ընդունեց նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը. անոնք միտքեր փոխանակեցին Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ օրակարգային հիմնահարցերու, երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան կարելիութիւններու, յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարի, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին շուրջ:
Պայրամով Իրանի նախագահը տեղեակ պահեց, որ «24 ժամ տեւած հակաահաբեկչական միջոցառումներու իբրեւ արդիւնք Ատրպէյճան վերականգնած է իր ամբողջական ինքնիշխանութիւնը»: Ան վստահեցուց, որ Ատրպէյճան վճռական է խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելու առումով, ինչ որ պիտի ապահովէ տարածաշրջանի կայունութիւնը եւ պիտի ամրապնդէ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը: