
Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Զաւէն Խանճեան եւ վեր. Յովել Միքայէլեան: Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ վեր. Կալվին Սաղըրեան, վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան եւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ*
Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի (ՀԱՀԽ) Գործադիր յանձնախումբին ժողովը գումարուեցաւ 19-20 Հոկտեմբերին Սան Ֆրանսիսքոյի Գողգոթա Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:
Սոյն երկօրեայ ժողովին մասնակցեցան ՀԱՀԽի եօթը եկեղեցական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկն էր Արցախի գրաւումը Ատրպէյճանի կողմէ եւ արցախահայութեան տեղահանութիւնը եւ Հայաստան հաստատուելու իրականութիւնը: Յետ խորհրդակցութեան, Գործադիր ժողովը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի զանգուածային յարձակումին պատճառով, ամբողջ արցախահայութիւնը ենթարկուեցաւ համատարած տեղահանութեան, ակամայ հեռանալով իր դարաւոր հայրենիքէն:
Արցախի բռնագրաւումը մեր նորագոյն պատմութեան չարաղէտ իրականութիւններէն մէկն է: Հայոց Ցեղասպանութեան նման հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ պատմական Հայաստանի կարեւոր մէկ բաժինի կորուստին: Քաղաքակիրթ ազգեր եւ միջազգային հանրութիւնը անտարբեր մնացին կամ բաւարարուեցան միայն դատապարտումի պարզ կոչեր ընելով:
Հասկնալի է հայ ժողովուրդին վրդովանքը եւ յուսախաբութիւնը՝ ի տես այս անսպասելի իրողութեան:
Անտարակոյս, մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը կը բացուի մեր առջեւ, որ ոչ միայն Հայաստանը, այլ ամբողջ ազգը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ:
Պատմական այս հանգրուանին, մեր ժողովուրդի անմիջական հրատապ հարցը արցախահայութիւնը մայր հայրենիքի մէջ տեղաւորելն է:
Կը հաւատանք, որ մեր համազգային առաջնահերթ պարտականութիւններէն մէկը Արցախի մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելն է:
Իբրեւ հայ ազգի գործօն մէկ մասնիկը՝ Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ կոչ կ՛ընէ բոլոր հայորդիներուն՝
– Յարգանքով խոնարհելու Արցախի հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ.
– Գրկաբաց ողջունելու մեր գաղթական եղբայրները եւ քոյրերը մայր հայրենիքի մէջ.
– Ամոքելու անոնց ցաւը՝ սիրով եւ կարեկցութեամբ.
– Ջանալու բարձր պահել անոննց արժանապատուութեան զգացումը.
– Մեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ընծայելու նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ.
– Դատապարտելու ապօրինի բանտարկութիւնը Արցախի Հանրապետութեան նախկին եւ ներկայ ղեկավարութեան։ Գնահատանքի եւ երախտիքի տուրք ընծայելու անոնց նուիրումին, ծառայութեան եւ զոհաբերութեան համար.
– Մեր յուսախաբութիւնը եւ ընդվզումը յայտնելու միջազգային ընտանիքին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, արեւմտեան ազգերու կրաւորական անտարբեր դիրքին նկատմամբ Արցախի դէմ եղած անիրաւութիւններուն, ռազմական յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն համար.
– Բողոքելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Միջազգային Արդարութեան ատեանին՝ պատերազմական հայ գերիներու հանդէպ Ատրպէյճանի անմարդկային եւ անխիղճ վերաբերումին դէմ, եւ պահանջելու անոնց անյապաղ ազատ արձակումը.
– Նեցուկ կանգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր նպաստը բերելու մեր հայրենիքի վերելքին եւ պետականութեան հիմքերու ամրացման:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր ազգակիցներուն, որ զգօն ու պատրաստ ըլլան, որ ամէն մէկը իր կարողութեան չափով օգնէ իր արցախահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Ժամանակն է նաեւ, որ հայրենաբնակ եւ Սփիւռքի հայութիւնը միակամ ոգիով իր գործնական ներդրումներու եւ միջոցներու ամբողջական տրամադրումով՝ սատարէ հայ ժողովուրդի ներկայ գաղթականական ճգնաժամի յաղթահարումին:
* Գործադիր Տնօրէն, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի