
Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքի 24 Հոկտեմբերին կանչուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` «Առաջին Ալիք» համառուսական դաշնակցային պատկերասփիւռի կայանի եթերէն սփռուած հաղորդումին գծով, որուն ընթացքին հնչեցին վիրաւորական եւ բացարձակապէս անընդունելի արտայայտութիւններ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հասցէին։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ այդ հաղոդագրութեան` դեսպանին յանձնուեցաւ համապատասխան բողոքագիր մը:
Աւելի՛ն. Հայաստանի իշխանութիւններուն հասցէին հրապարակային քննադատութիւններէն եւ կշտամբանքներէն ետք, նոյն օրը Մոսկուա անցաւ գործնական քայլերու: Ռուսիոյ պետական Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտին յայտարարեց, թէ որոշած են անորոշ ժամանակով յետաձգել հայկական վարորդական վկայականները ճանչնալու օրինագիծի քննարկումը, որովհետեւ անիկա չի համապատասխաներ Ռուսիոյ շահերուն։
«Մենք ճիշդ նկատեցինք յետաձգել օրինագիծը, որով յաւելեալ արտօնութիւններ կը տրուին, որովհետեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները, իշխանութիւնները որեւէ քայլ չառին ռուսաց լեզուի կարգավիճակի հարցով: Պելոռուսի եւ Խրխըզիստանի մէջ ռուսաց լեզուի կարգավիճակը ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ», ըսաւ Վոլոտին` աւելցնելով, որ Ռուսիա նոյնը կ՛ակնկալէ նաեւ Հայաստանէն:
Յայտնենք, որ 23 Հոկտեմբերին «Առաջին Ալիք»ը սփռեց Հայաստանի վարչապետին, մեղմ ասած, քննադատող ծրագիրը` «Նիկոլ Փաշինեան. աղէտ բերողը» վերնագիրով: Գրեթէ մէկ ժամ տեւած հաղորդումին ընթացքին յատկապէս շեշտուեցաւ, որ Ռուսիայէն տարեկան շուրջ 30 միլիառ ռուբլի կ՛ուղարկուի Հայաստան, Մոսկուա 4 ռազմակայան եւ կայանատեղ ունի Հայաստանի տարածքին եւ առնուազն 4 հազար սահմանապահներ:
Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ տարակարծութիւններէն մէկը այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքն է: «Առաջին Ալիք»ը հրաւիրած էր պաշտօնեայ մը, որ պնդեց, թէ ինք մասնակցած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ փոխվարչապետներու հանդիպումներուն, առանց ծածկելու, որ ռուսական կողմը նպատակ եւ փափաք ունի անձամբ կառուցել եւ իր վերահսկողութեան տակ առնել Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող այդ ճամբան: «Այդ 45 քիլոմեթրը, որ կը կոչուի Զանգեզուրի միջանցք, մենք պէտք կառուցէինք: Եւ մենք չենք հասկնար, թէ ինչո՛ւ Հայաստան անոր դէմ է», յայտարարեց ան:
Հայաստան կը շարունակէ յայտարարել, որ դէմ չէ տարածաշրջանային ուղիներու բացման՝ պայմանով, որ անոնք ըլլան Հայաստանի օրէնսդրութեան ներքոյ: Այս մասին, սակայն, ռուսական կողմէ որեւէ մէկը որեւէ բառ չարտասանեց: Ընդհանուր առմամբ, ամբողջ հաղորդումը կառուցուած էր ձեռնավարութիւններու, սուտ տեղեկութիւններու եւ յերիւրանքներու վրայ, կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։