ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան եւ «Աֆէեան» հիմնադրամի համանախագահ Աննա Աֆէեան յայտարարեցին, որ 2 միլիոն տոլար օժանդակութիւն կը յատկացնեն առաւել քան 100,000 բռնի տեղահանուած արցախցիներուն։
«Նիւթական աջակցութիւնը պիտի ուղղուի քանի մը բնագաւառներու, ինչպէս՝ նախնական կարիքներու բաւարարման, բժշկական եւ ընկերային-հոգեբանական աջակցութեան, նաեւ երկարաժամկէտ կրթական կարելիութիւններու ստեղծման», կ՛ըսուի Աֆէեան ամոլի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։