Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի գանատահայ Արամ Շուժունեանը նշանակեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու համակարգող։ Շուժունեան, արդէն երկու տարիէ ի վեր Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գրեասենեակի պաշտօնատարներէն էր։
Ան Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է եւ Մոնթրէալի համալսարանին մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին։ Ան եղած է նոյն համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետը, ինչպէս նաեւ անդամակցած է ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան։ Իբրեւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի աշխատակից՝ Շուժունեան կատարած է հարցազրոյցներ Գանատայի պետական պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն»ի կայքին վրայ հրապարակուած են անոր քաղաքական վերլուծողական յօդուածները։