Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի` մինչեւ Հոկտեմբերի աւարտը Պրիւքսէլի մէջ ծրագրուած հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ։ Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար՝ պատճառաբանելով, որ ժամանակի սղութիւնն է պատճառը, եւ իրենք չեն հասած կազմակերպել զայն:
Ժամեր ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան բացաւ փակագիծերը եւ ըսաւ, թէ ո՛վ չէ փափաքած հանդիպումի իրականացումը: «Ակնյայտօրէն Ադրբեջանի նախագահը, որովհետեւ մենք հիմա էլ պատրաստ ենք մասնակցել այդ հանդիպմանը: Յուսամ իսկապէս խնդիրը կոնկրետ (յստակ) ժամկէտներն են ու առաջիկայում հնարաւոր կը լինի նոր հանդիպման մասին նոր ժամկէտներ պայմանաւորուել, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է այդ հանդիպմանը մասնակցել»:
Աւելի ուշ, Ազգային ժողովին մէջ, Փաշինեան յայտարարեց, որ եւրոպացի պաշտօնակիցէն պարզաբանումներ պէտք է ստանայ: «Բայց նաեւ կան աշխատանքային մանրամասներ, որոնք մենք առաջիկայ օրերին Եւրամիութեան գործընկերներից կը փորձենք պարզաբանումներ ստանալ եւ հասկանալ հետագայ անելիքները», ըսաւ ան։
Քլաար այս պահուն իրավիճակը ծանր գնահատեց, սակայն ոչ անյոյս` վստահեցնելով, որ պիտի շարունակուին փորձերը Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում մը կազմակերպելու համար: Յստակ ժամկէտներ, սակայն, Քլաար չնշեց` օգտագործելով միայն «մօտ ժամանակներս» ձեւակերպումը: «Սակայն, պէտք է շեշտեմ, որ, հակառակ անոր որ դանդաղ կը շարժինք, ոչ այնքան արագ, որքան կը փափաքէինք, բայց ճիշդ ուղղութեամբ կ՛երթանք», յայտնեց ան։
Թէեւ կարգ մը վերլուծաբաններ կը պնդեն, որ այս օրերուն Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած «3+3» բանակցութիւնները կը շեղեն Հայաստանը Արեւմտեան օրակարգէն, սակայն, Քլաար պնդեց, որ այդ ձեւաչափերուն միջեւ հակասութիւն չկայ:
«Քանի մը օր առաջ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած քննարկումները օգտակար են այս պարունակին մէջ: Մեր տեսանկիւնէն դիտած` այն, ինչը հիմա սեղանին դրուած է ճշգրտօրէն այն առաջնահերթութիւններն են, զորս վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց Եւրոպական խորհրդարանի իր վերջին ելոյթին մէջ` ո՛չ` նոր ուժի կիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում, քարտէսներու ճանաչում եւ ընդունում` սահմանագծման եւ սահմանազատման համար, երթեւեկութեան հաղորդակցութեան ապաշրջափակում, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորում, որ աւելի լայն իմաստով պիտի առաջնորդէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման», ըսաւ Քլաար:
Ան պնդեց, թէ Պրիւքսէլ Կովկասի մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը նուազեցնելու նպատակ չունի. միւս կողմէ ան ընդգծեց, որ Երեւան եւ Պաքու պէտք է որոշե, թէ որո՛ւն հետ եւ ինչպէ՛ս գործակցիլ:
«Մենք այս գործին մէջ չենք մտած այդ նպատակով: Մոսկուայէն երբեմն հնչող հռետորաբանութիւնը սխալ է: Այնպէս չէ, որ Ռուսիա ժառանգական իրաւունք ունի հոս միակ արտաքին դերակատարը ըլլալու: Անշուշտ, Ռուսիա շահեր ունի, մեծ երկիր է ինչպէս են Եւրոպական Միութիւնը եւ ուրիշներ: Վերջապէս, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է որոշեն` զո՛վ հրաւիրեն, որո՛ւ աջակցութիւնը ստանալ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ», ըսաւ Քլաար։
Վերահաստատելով Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը` ան ընդգծեց, որ պէտք է ստեղծուին պայմաններ, որպէսզի ցանկութեան պարագային արցախահայերը կարենան ապահով տուն վերադառնալ: Ղարաբաղ միջազգային առաքելութիւն գործուղելու հարցով, սակայն, որեւէ յառաջընթաց չկայ, հակառակ անոր որ պաշտօնական Երեւան շարունակ այդպիսի պահանջ կը դնէ: