
2024ը՝ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ
«Սփիւռքի Տարի»ի շրջագիծին մէջ, Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ երրորդ հանդիպում-զրոյցը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ գործող կուսակցական ղեկավարութիւնը, միութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, «Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրով։
Բարի գալստեան բացման իր խօսքով, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ այսօր Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ հաւաքուած են այն կառոյցներուն ու մարմիններուն ներկայացուցիչները եւ պատասխանատուները, որոնք բառին ամբողջական իմաստով, մեզի հետ կը կիսեն լիբանանեան կեանքի տեսակաւոր տագնապները եւ իրենց աշխատանքով, համայնական կեանքին որակն ու աշխուժութիւնը կ՛ապահովեն եւ քաղաքական դերակատարութեամբ նաեւ լիբանանեան ընկերութեան մօտ մեր ժողովուրդին շահերը եւ համայնքային իրաւունքները կը պաշտպանեն։ Առաջնորդ սրբազանը վստահեցուց, որ ծառայութեան դաշտին մէջ մեզի եղող այս կառոյցները եւ միաւորները, ամբողջութեամբ կը բաժնեն Սփիւռքի նկատմամբ վեհափառին ունեցած մտահոգութիւնները եւ կը փափաքին նաեւ իրենց հնարաւորութիւնները եւ պարտականութիւնները վերատեսութեան ենթարկելով, նոր տեսիլք գտնել, որպէսզի մեզի վիճակուած տագնապալի կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ, աւելի կենսունակ աշխատանքով, նոր պայծառութիւն բերեն իրենց գործին ու մեր համայնական կեանքին։
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով, պաշտօնական խօսք արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։ Ան, առաջին հերթին, ողջունեց վեհափառ հայրապետին լիբանանահայութեան հետ եւ անոր կողքին ըլլալը` շեշտելով, որ 1978էն մինչեւ օրս, իբրեւ այս թեմին առաջնորդը եւ ապա Կիլիկեան Ս. Աթոռի գահակալը, ան եղած է Լիբանանի մէջ իբրեւ միտք ու բաբախող սիրտ` մնայուն կերպով հետաքրքրուելով գաղութի հարցերով ու տագնապներով։
«Միշտ մնացիք մեզի հետ` Լիբանանը նկատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կարեւորագոյն սիւներէն մէկը, որուն ոյժն ու կարողականութիւնը դրուած են ի սպաս Անթիլիասի ուժեղացման եւ բարգաւաճման, ի խնդիր համայն հայութեան ծառայութեան։ Մեզի հետ եղաք խաղաղ օրերուն, բայց խաղաղ օրերու զօրակցութիւնը ընդհանրապէս դիւրին կը նկատուի. դժուարը միւսն է` տագնապալի օրերունը։
«Անցնող տարիներուն անվիճելի էր ձեր ներկայութիւնը մեզի հետ ամէնուրեք. պայթում, համաճարակ, տնտեսական–ելեւմտական տագնապ, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային տագնապ։ Դուք ներկայ եղաք ո՛չ միայն քարոզելով կամ պատգամելով, այլ իրական ու գլխագիր գործով, իբրեւ մղիչ ոյժ, կազմակերպող, պահանջող, պատերազմի դաշտ նետուող մարտիկի նման, հասնելով ամէն ճակատ եւ գործնապէս մասնակցելով գոյատեւման պայքարին», ընդգծեց Բագրատունի` միաժամանակ շեշտելով, որ Լիբանանի հայութիւնը միայն երախտապարտ կրնայ ըլլալ վեհափառին։
Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այս երախտապարտութիւնը, սակայն, յօդս կը ցնդի, եթէ պատասխանատուութեան դիրքի վրայ եղողները պարզ գոհունակութիւն ապրին ու չլծուին գաղութի վերակենդանացման ու վերականգնման աշխատանքին։ Այս ծիրին մէջ ան նկատել տուաւ, որ համահայկական առումով դէմ-յանդիման ենք հիասթափութեան, բայց եւ այնպէս համասփիւռքեան առումով հրամայական կը մնայ ընդհանուր զօրաշարժը։ «Մենք Լիբանանի մէջ, իբրեւ ազգային քաղաքական եւ կազմակերպական ներուժ ու կարողականութիւն, պարտինք գտնուիլ այդ զօրաշարժի առաջին շարքին վրայ, նախ վերակազմակերպելով մենք զմեզ, ապա եւ միաժամանակ լծուելով համահայկական զօրաշարժի տեսլականի իրականացման», ըսաւ ան։
Այս բոլորին լոյսին տակ, Բագրատունի շեշտեց, որ այսօր նահանջ կ՚արձանագրուի ամէն օր եւ ամէն տեղ` կը նօսրանայ գաղութը, կ՛օտարանայ հայը՝ հեռանալով հայկական եկեղեցիէն եւ դպրոցէն, կը նահանջէ արժէքային համակարգը, կը գաղթէ երիտասարդութիւնը, կը խորանայ անտարբերութիւնը, կ՛արժեզրկուի ամէն աւանդութիւն, կը զարգանայ եսը` քանդելով մենքը, իսկ այս բոլորը կը հասցնեն հայու ինքնութեան կորուստին եւ նոր հայու, այս պարագային լիբանանահայ նոր ինքնութեան փնտռտուքին։
Բագրատունի այս բոլորը յիշելով եւ մանրամասնելով՝ հարցուց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերակազմակերպուիլ, առաջքը առնել գաղթին, մարդուժի արտահոսքին, տիրական անտարբերութեան, ազգայինէն հեռանալու եւ համամարդկային էակ դառնալու մտածումին։ Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը որոշած է պահել իր ինքնութիւնը, փրկել մնացածը եւ դարձեալ վերակենդանացնել իր երազը եւ պայքարը։ Առ այդ, Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է ըլլալ իրապաշտ, տեսնել նորը եւ աւելի լաւը կառուցել, իսկ այդ մէկը ընելու համար, ան անհրաժեշտ նկատեց հետեւեալները.
ա) Գիտնալ եւ գնահատել մեր կարելիութիւնները եւ կարողականութիւնները` ընդունելով, որ չենք կրնար ժամանակ ու նիւթական վատնել։ Քննական մտածողութեամբ եւ գիտական բծախնդրութեամբ անհրաժեշտ է ճշդել մեր կարելիութիւնները, թիւը, մարդուժը, նիւթական աղբիւրները։
բ) Ճշդել նպատակները, վերանայիլ անոնց եւ որոշել թիրախներու հասնելու աշխատելաոճը։ Ընդունելով հանդերձ ներկայի ցաւոտ իրականութիւնը, խիզախութիւնը ունենալ ժամանակաւոր կերպով յստակացնելու կարեւորագոյնը, հիմնականները, առանց որոնց կարելի չէ մեր գաղութը ոտքի պահել։
գ) Ճշդել առաջնահերթութիւնները, յստակացնել մեր կառոյցներուն աշխատանքային թիրախները, նուազեցնել կրկնութիւնները, կատարուող գործը դնել համապատասխան քարոզչական շրջագիծի մէջ՝ առանց ուռուցիկութեան եւ կեղծ հռետորաբանութեան։


դ) Իրականութեան վերածել երիտասարդութեան թէ կնոջական մասնակցութեան խնդիրը` անդին անցնելով կարգախօսերէ կամ պատահականութենէ։ Հոս կայ նաեւ այլ խնդիր. արդեօք գոյութիւն ունի՞ մասնակցութեան, դերակատարութիւն վերցնելու պատրաստակամութիւն, ժամանակէն եւ հաճոյքէն զիջելու պատրաստ մարդուժ։
ե) Վերակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը կը պահանջէ նաեւ առաւելագոյն չափով բացուիլ տարբեր շրջանակներու, մտածողութիւններու եւ գործելակերպի` միշտ պահելով ազգայինը եւ հայկականը, ձգտելով հայկական իրականութեան զարգացման։
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Բագրատունի ըսաւ. «Կը յուսանք, վեհափառ տէր, որ ձեր հովուապետական այցելութիւնը նոր մղում կու տայ մեր գաղութի վերակազմակերպման։ Վստահ եմ, որ ներկաներէն իւրաքանչիւրը նոր մտածումով, վերանորոգուած հաւատքով, յաւելեալ վճռակամութեամբ, աշխատելու նոր պատրաստակամութեամբ պիտի մեկնի` միշտ յուսալով, որ ձեր ներկայութիւնը եւ հովանին անպակաս կ՛ըլլայ լիբանանահայութան կեանքէն»։
Ապա, հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները, Արամ Ա. կաթողիկոսը գոհունակութիւն յայտնեց, որ լիբանանահայութեան ղեկավարութիւնը կը գտնուի Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ եւ այդպիսով կը հաստատէ, որ գաղութին մէջ հետզհետէ առաւել եւս կ՛ամրանայ միասնական ոգին, առանց որուն որեւէ նախաձեռնութիւն կամ ծրագիր չի կրնար իր յաջող վախճանին հասնիլ։ Ան մաղթեց, որ միասնականութիւնը, մեր ազգի կեանքին մէջ դառնայ մնայուն ընթացք, որակ, ուղղութիւն եւ նպատակ։
Հայրապետը նկատել տուաւ, որ անցնող երկու տարիներուն փորձած է լուսարձակի տակ բերել Սփիւռքի վերականգնումը, վերակազմակերպումը, վերաշխուժացումը, որ տեսական եւ ակադեմական մօտեցում չէր, այլ Սփիւռքը լաւապէս ճանչցած ըլլալով ու համոզուած ըլլալով, որ այլեւ Սփիւռքը չի կրնար շարունակել իր գոյութիւնը այնպէս, ինչպէս կայ, որովհետեւ կ՛ապրինք արագընթաց եւ արմատական փոփոխութիւնններու ենթակայ աշխարհի մը մէջ։ «Համաշխարհայնացումը մշակոյթ է, մտածելակերպ է, կենցաղակերպ է, գործելակերպ է, որուն մաս կը կազմենք նաեւ մենք եւ այսօր այս բոլորին ազդեցութեան տակ կ՛ապրի Սփիւռքը», ըսաւ վեհափառը՝ աւելցնելով, որ այս իրողութեան դիմաց Սփիւռքը չի կրնար իր կեանքը շարունակել անցեալի մտայնութեամբ, անցեալի աւանդութիւններով։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ թեմերուն տուած հովուապետական այցելութիւններուն ընթացքին, բոլորին մօտ նշմարած է գաղութներու վերաքննութեան, վերաշխուժացումի, վերակազմակերպումի կարիքը եւ անյետաձգելի հրամայականը։
Շարունակելով իր խօսքը՝ կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ գաղութներու միջեւ հասարակաց մտահոգութիւններ, յայտարարներ եւ մօտեցումներ կան, սակայն կան նաեւ հիմնական տարբերութիւններ։ Գաղութները ներքին տարբեր դրուածք, մտայնութիւն ու միջավայր ունին եւ, հետեւաբար, այս տարբելութիւնները կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենալ եւ հարցերը դիտել իւրաքանչիւր գաղութի շրջագիծին մէջ։ Արամ Ա. ըսաւ, որ երբ Լիբանանի գաղութին վերակազմակերպման մասին կը խօսինք պէտք է նաեւ նայինք անցեալին, որովհետեւ գաղութը իր ներքին կազմաւորման հոլովոյթը ունեցած է։ Հայրապետը անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդին, որ նախ հաստատուեցաւ Լիբանան եւ Սուրիա, իր հետ բերելով հաւաքական ու հայրենական յիշողութիւն, որմով կարելի է ըսել, թէ Կիլիկիան եւ արեւմտեան Հայաստանը իրենց շարունակութիւնը ունեցան Լիբանանի մէջ մինչեւ 1965, որ դարձակէտ մը եղաւ լիբանանահայ գաղութին։ 1975էն սկսեալ, գաղութը ենթարկուեցաւ յաջորդական տագնապներու, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր, դիտել տուաւ վեհափառը։ Ան հաստատեց, որ լիբանանահայ գաղութը այդ տագնապներուն դիմաց վերականգնումի կամքը, հաւատքը, յոյսը, ներուժը ունեցաւ եւ հաւաքական կամքով յաջողեցաւ ինքզինք վերականգնել։ Հետեւաբար, կաթողիկոսը ըսաւ, որ մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք լիբանանահայ գաղութը վերականգնումէն առաջնորդել դէպի վերակազմակերպում եւ մեր կառոյցներու վերաշխուժացում ու վերակենսաւորում, համապատասխան ներկայ կեանքի պայմաններու պահանջքներուն եւ սպասումներուն։ Պէտք է իրապաշտ ըլլալ՝ գիտնալով, որ մենք լուրջ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուինք եւ այն, ինչը պիտի ծրագրենք եւ վերակազմակերպումի ճիգ իրականացնենք, պէտք է համապատասխանէ գաղութի ներկայ պայմաններուն եւ կարիքներուն։
Դիտել տալով, որ լիբանանահայութիւնը այսօր կարիքը ունինք նոր ռազմավարութեան, նոր մօտեցումներու, նոր առաջնահերթութիւններու ճշդումի, նոր օրակարգերու ու նոր ղեկավարներու, հայրապետը նշեց, թէ վերոնշեալ նապատակները իրականացնելու համար, պէտք է հիմնական երկու համոզումներով առաջնորդուիլ՝ ա) ընդունիլ, որ գաղութին ներկայ գոյավիճակը հրամայական կարիքը ունի վերաքննութեան եւ այս կ՛ենթադրէ լուրջ արժեւորում եւ բ) ընդունիլ մեր ունեցած սխալները եւ պատրաստ ըլլալ հիմնական փոփոխութիւններու։
Այս հիմնական սկզբունքներէն մեկնելով, իբրեւ առաջնահերթութիւն, վեհափառը ներկայացուց վեց մարզեր, որոնց մէջ վերակազմակերպումը, վերաքննութիւնը եւ վերարժեւորումը հրամայական են.
1) Կրթական ոլորտ.- կաթողիկոսըը հարցուց, թէ ինչո՛ւ մեր վարժարաններու աշակերտութեան թիւը չի համապատասխաներ մեր գաղութի թիւին եւ ինչո՛ւ հայ աշակերտներուն կարեւոր մէկ մասը օտար վարժարան կը յաճախէ։ Պէտք է կրթական պատասխանատուները քննեն այս օրակարգը եւ ճիշդ ձեւով ախտաճանաչում կատարեն։ Մեր մօտեցումը զգացական կամ տեսական պէտք չէ ըլլայ, այլ կրթական մարմինները եւ պատասխանատուները պէտք է բազմազան «ինչո՞ւ»ներու ճշգրիտ պատասխանը գտնեն։
2) Քաղաքական բնագաւառ.- Արամ Ա. շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական խմբակը պէտք է վերականգնի եւ մէկ համախմբում ունենայ, որպէսզի մեր համայնքին նաեւ քաղաքական իրաւունքները պաշտպանուին։ Քաղաքական մարզը խիստ կարեւոր եւ հրատապ օրակարգ համարելով՝ ան հարցուց, թէ ինչո՛ւ քաղաքական կեանքին մէջ նահանջ պիտի արձանագրենք. ինչո՞ւ մեր համայնքը ներկայացնող երեսփոխանները եւ նախարարները արժանաւոր, որակաւոր եւ փորձառու անհատներ պիտի չըլլան։
3) Հոգեւոր կեանք.- հայրապետը ընդգծեց, որ պէտք է վերաշխուժացնել լիբանանահայ համայնքին հոգեւոր կեանքը։ Եկեղեցւոյ վերանորոգումը, վերակազմակերպումը հոգեւորականէն կը սկսի։ Պէտք չէ սպասել, որ ժողովուրդը եկեղեցի գայ, այլ եկեղեցին, հոգեւորականին ճամբով, պէտք է ժողովուրդին տանիլ, առ այդ, հոգեւորականներու պատրաստութիւնը էական է Լիբանանի մէջ եւ նաեւ բոլոր գաղութներուն մէջ։ Ան յիշեցուց, թէ հայութեան համար եկեղեցին միայն աղօթքի վայր չէ եղած, այլեւ ազգային ծառայութիւն ու առաքելութիւն է։
4) Կազմակերպչական վիճակ.- կաթողիկոսը ըսաւ, որ մեր կառոյցները այլեւս չեն կրնար աւանդական, հին մտայնութեամբ, հին օրակարգերով եւ կանոնագրութիւններով շարժիլ, որովհետեւ ընկերութեան պայմանները փոխուած են։ Ան շեշտեց, որ անպայմանօրէն պէտք է անցեալի փորձառութենէն օգտուիլ, սակայն միշտ գիտակցելով, թէ անցեալը չենք կրնար ապրիլ ներկային մէջ։ Գաղութի մը վերակազմակերպումը կը սկսի իր կառոյցներէն եւ հսկայ ընելիք կայ այս ուղղութեամբ, ըսաւ վեհափառը։
5) Երիտասարդութիւն.- ինչպէս իր պատգամներուն մէջ յաճախ կը շեշտէ եւ յիշեցնէ, այս անգամ եւս վեհափառը նշեց, որ երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ միայն, այլեւ մեր ներկան իսկ է։ Ան իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով՝ հարցուց ներկաներուն, թէ ինչո՛ւ երիտասարդութեան կարեւոր մէկ մասը մեր ազգային եւ եկեցական կեանքէն հեռու է։ Երիտասարդներուն հետ պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել եւ զիրենք ներառել մեր կեանքի ու աշխատանքի բնագաւառներուն մէջ, այլապէս, ներկայ աշխարհի ունեցած գրաւիչ երեւոյթներէն տարուելով՝ անոնք միանգամընդմիշտ կը հեռանան մեզմէ։
6) Մարդուժ.- հայրապետը նկատել տուաւ, որ մարդուժի պակաս կայ ամէն տեղ եւ մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ ասիկա համասփիւռքեան երեւոյթ է։ Այս առիթով, ան յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարի, Հայրապետական հռչակագիրով, պիտի հռչակէ մարդուժի պատրաստութեան տարի։ Ասոր լոյսին տակ, ան դիտել տուաւ երկու հիմնական երեւոյթներ, որոնք պէտք է կարեւորութեամբ նկատի առնուին.
ա) Մեր կեանքէն հեռացած մարդուժ կայ. անձեր, որոնք մեր կեանքին լուսանցքին վրայ են, դիտողի դերին մէջ են միայն եւ մասնակից չեն մեր հաւաքական կեանքին։ Բնականօրէն, կան նաեւ այնպիսիք, որոնք մեր կեանքէն բոլորովին հեռացած են։
բ) Մեր կարիքները այնքան բազմազան եւ այլազան են այսօր, որ մեր ունեցած մարդուժը այլեւս բաւարար չէ։
Առ այդ, Արամ Ա. կաթողիկոսը թելադրեց, որ լրջօրէն մտածուի մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութեան մասին եւ աւելցուց, որ մարդուժի պատրաստութեան հիմնական յենարաններն են՝ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, մեր կազմակերպութիւնները, հայագիտական դասընթացքներու հիմնարկները եւ մանկավարժական կեդրոնները։
Վերակազմակերպումի աշխատանքի առաջին քայլը ինքնաքննութիւնն է, շեշտեց հայրապետը։ Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է զայն իրականացնել իրապաշտ մօտեցումով եւ ապա փորձել նաեւ դուրս գալ ինքնակղզիացումէ, ինքնակեդրոն եւ ինքնաբաւ գոյավիճակէ եւ ձգտիլ մեր գաղութը եւ կառոյցները մղել վերակազմակերպումի անյետաձգելի հրամայականին։ Ահա, այս ակնկալութեամբ պէտք է ախտաճանաչումը ճիշդ կատարենք, այնուհետեւ, առաջնահերթութիւնները յստակացնել, աշխատանքային ընթացքը ծրագրաւորել եւ ապա գործընթացը ճշդել։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ վեհափառը վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է ամէն գնով եւ բոլոր հնարաւորութիւններով սատար հանդիսանալու ու նեցուկ կանգնելու մեր գաղութներու վերակազմակերպան աշխատանքներուն։
Հաւաքը փակուեցաւ կաթողիկոսին «Պահապանիչ» աղօթքով։