ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 21-22ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ փիլիսոփայ Գէորգի Գուրջիեւի կեանքին եւ ուսմունքին նուիրուած գիտաժողով: Այս մասին յայտնեց գիտաժողովի համակարգողի օգնական Նելլի Սարգսեան եւ նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը Մայքըլ Փիթմանի ջանքերով չորրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի եւ նպատակ ունի Հայաստանի մէջ եւս տարածել Գուրջիեւի գաղափարները:
Գուրջիեւ ծնած է Գիւմրի, 1866ին, այնուհետեւ ապրած է Միացեալ Նահանգներ: Ըլլալով 20րդ դարու սկզբնական շրջանի փիլիսոփայական եւ կրօնական միտքի վառ ներկայացուցիչներէն մէկը՝ մինչեւ այսօր իր ուսմունքով կը շարունակէ ազդեցիկ մնալ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Գ. Գուրջիեւի կեանքի ընթացքին շատերը, ինչպէս օրինակ՝ Ճին Թումեր, Ռընէ Տոմալ, Հենրի Միլըր եւ Քեթրին Մենսֆիլտ գտնուած են իր անմիջական ազդեցութեան տակ կամ ոգեշնչուած են իր ստեղծագործութեամբ։ Գ. Գուրջիեւի մահէն ի վեր (1940) իր ստեղծագործութեան առնչուող լայնածաւալ գրականութիւն կազմուած է հոգեբանութեան, գրականութեան, փիլիսոփայութեան, առողջապահութեան, բնապահպանութեան եւ կրօնի ոլորտներուն մէջ։
Ի դէպ, անգլիացի հեղինակ Մարթին Սիմուր Սմիթ վերջերս Գ. Գուրջիեւի «Բելզեբուբի պատմութիւններն իր թոռանը» ստեղծագործութիւնը ընդգրկած է իր «Երբեւէ գրուած ամենաազդեցիկ 100 գրքերը. մտքի պատմութիւնը հին ժամանակներից մինչ այսօր» գործին մէջ։
Նշենք, որ այս տարի եւս գիտաժողովին պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներէն գիտնականներ:
Գիտաժողովի ընթացքին պիտի ներկայացուին Գ. Գուրջիեւի ուսմունքին եւ աշխատութիւններուն վերաբերեալ ոչ միայն գիտական զեկոյցներ, այլեւ՝ իր երաժշտական ստեղծագործութիւնները: