ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կարելի չէ համարել իշխանական կուսակցութիւն, որովհետեւ միշտ չէ, որ կը պաշտպանէ իշխանութիւններու ներկայացուցած օրինագիծերը: Այս մասին Յուլիս 20ի բանավէճի ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը եւ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ընդդիմութիւն է այն առումով, որ բոլոր հարցերու պարագային ունի իր սեփական դիրքորոշումը: Հ.Յ.Դ.ի ներկայիս քաղաքական կեցուածքը, ըստ Ա. Մինասեանի, քաղաքագիտութեան մէջ կը բնորոշուի որպէս «ձախ կեդրոնամէտ»:
Անդրադառնալով 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն՝ պատգամաւորը յայտարարեց. «Ամենեւին էլ պարտադիր չէ, որ Հ.Յ.Դ.ի թեկնածուն լինի դաշնակցական»: Ա. Մինասեան աւելցուց, որ Հ.Յ.Դ.ն պարզապէս պարտաւոր է ժողովուրդին առաջարկել այլընտրանք. «Մենք չենք կարող ամբողջութեամբ վերադառնալ մէկ անձի պաշտպանութեան համակարգին», նշեց դաշնակցական պատգամաւորական խումբի անդամը:
Խօսելով ԼՂՀ նախագահական ընտրութիւններուն մասին, ան յայտնեց, որ Հ.Յ.Դ.ն պաշտպանեց Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը՝ նկատի ունենալով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: