«Իսրայէլացի զինուորները մտած են Կազայի հատուածը. անոնք պէտք է ոչնչացնեն «Համաս»ը եւ ազատեն պատանդները», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու՝ ակնարկելով հիւսիսային Կազա ներխուժած իսրայէլեան ուժերուն, մինչ Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան հրասայլեր եւ զրահապատ ինքնաշարժներ սկսած են դիրքեր հաստատել կեդրոնական Կազայի գլխաւոր մայրուղիին վրայ, ջանալով հիւսիսային Կազան բաժնել Կազայի հարաւային շրջաններէն:
Շաբաթավերջին նաեւ հիւսիսային Կազայի վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումները սաստկացան, պաղեստինցի զոհերու թիւը հասցնելով 8300ի։
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի յայտարարեց, թէ Իսրայէլի քայլերը «հատած են կարմիր գիծերը, որոնք կրնան բոլորին ստիպել քայլերու ձեռնարկել»:
«Ուաշինկթըն մեզմէ կը խնդրէ ոչինչ ընել, սակայն կը շարունակէ լայնածաւալ աջակցութիւն ցուցաբերել Իսրայէլին», աւելցուց Ռայիսի:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները զգուշացուցին Իրանը, որ անմասն մնայ Իսրայէլ-«Համաս» տագնապէն, որովհետեւ անոնք կը փափաքին առաջքը առնել տագնապին ընդարձակումին:
Նաեւ, հակառակ բախումներու դադրեցման բազմակողմանի կոչերուն՝ շաբաթավերջին Լիբանանի յատկապէս հարաւային սահմանամերձ շրջաններու կարգ մը աւաններ թիրախ դարձան իսրայէլեան հրթիռային յարձակումներու: Լիբանանեան հարաւային շրջանները՝ Նաքուրայէն մինչեւ Սուր, Մարժեհիուն եւ մերձակայքը, զերծ չմնացին այդ հարուածներէն։
Բախումները մարդկային վիրաւորներու կողքին նաեւ պատճառեցին նիւթական վնասներ եւ հոգեբանական գլխաւոր խթան հանդիսացան հարաւցիներուն իրենց իսկ հայրենիքին մէջ «գաղթելու»: Արդարեւ, ըստ նորագոյն տեղեկութիւններու, 29,000 անձեր ստիպուած եղան իրենց բնակարանէն հեռանալու՝ աւելի ապահով ապաստաններու փնտռտուքով: Յարձակումներէն անմասն չմնացին նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերը, երբ Նեփալի ջոկատէն սպայ մը վիրաւորուեցաւ:
Բախումներու դադրեցման կոչերուն ձայնակցեցան նաեւ լիբանանեան ղեկավար թէ ժողովրդային շրջանակներ՝ նկատի ունենալով Լիբանանի առանց այդ ալ տագնապալի իրավիճակը: