
«Լեմքին» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան ներխուժման հաւանականութիւն կը տեսնէ՝ բարձրագոյն, կարմիր գոյնի նախազգուշացում յայտարարելով:
Ընդգծելով, որ Ատրպէյճան վաղուց կը տենչայ Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզին տիրանալ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին քաղաքական զարգացումները` «Լեմքին» հիմնարկը Ատրպէյճանի հաւանական ներխուժումը ցեղասպանութեան վերածուելու մեծ վտանգի մասին կ՛ահազանգէ։
Դիմելով աշխարհին՝ հիմնարկը կը յիշեցնէ, որ ցեղասպանութիւնը միայն զանգուածային սպանութիւններու միջոցով չ՛արտայայտուիր, ինչպէս եղաւ Սեպտեմբեր 2023ին, Արցախի վերջին բռնագրաւման ատեն, ցեղասպանութիւնը կրնայ դրսեւորուիլ նաեւ կոտորածի, վայրագութեան եւ բնիկ տարածքներէն բռնի տեղահանութեան միջոցով, երբ այդ գործողութիւնները հիմնուած են ինքնութեան ոչնչացման նպատակին վրայ:
Նշելով, որ թէեւ Ատրպէյճանի պաշտօնեաները վերջերս հեռու մնացին Սիւնիքով անցնող «Զանգեզուրի միջանցք»ի ծրագիրէն, այնուամենայնիւ, ըստ յայտարարութեան, անհանգստանալու քանի մը պատճառներ կան։
«Արցախի հայկական տարածքին դէմ Ատրպէյճանի թշնամական պատերազմէն ետք, որ պատճառ դարձաւ հայ խաղաղ բնակիչներու դաժան սպանութիւններուն եւ գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան, Ատրպէյճան հրապարակայնօրէն իր հայեացքը ուղղեց Հայաստանի հարաւային` Սիւնիքի մարզին, զոր ան կը նկատէ իր սեփական տարածք` զայն անուանելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան», կը նշէ հիմնարկը՝ յիշեցնելով 6 Հոկտեմբերին, Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի զգուշացումը, որ եթէ կոշտ քայլերու չձեռնարկուին, ատրպէյճանական ներխուժումը շաբաթներու հարց է, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի 5 Հոկտեմբերի զգուշացումը ամերիկացի օրէնսդիրներու խումբին նման սպառնալիքներուն մասին, 7 Հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Հայաստանի տարածք ներխուժելու սպառնալիքը` «8 չճշդուած գիւղերու պահանջով», նաեւ Ալիեւի այն յայտարարութիւնը, որ եթէ տարածաշրջանին մէջ «նոր հակամարտութիւններ ծագին, այս մէկը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մեղքով»` վերջինը մեղադրելով «նոր գաղութատիրութեան» մէջ` Հայաստանի ապահովութեան աջակցելու մէջ»:
«Ամէնէն սարսափելին այն է, որ Ատրպէյճան սկսած է ռազմական ուժեր կուտակել Հայաստանի հետ սահմաններու երկայնքով, ներառեալ՝ Նախիջեւանի միջերկիրին մէջ (որ սահմանակից է Թուրքիոյ): Նախորդ շաբաթ Ատրպէյճան նաեւ սկսաւ Թուրքիոյ հետ միացեալ զօրավարժութիւններու շարքի մը, ինչպէս ըրաւ Սեպտեմբեր 2020ին, Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժելէ քանի մը շաբաթ առաջ: Այս կարմիր դրօշները կը յուշեն, որ Ատրպէյճան կը պատրաստուի հաւանական ներխուժման` նոյն ժամանակ փորձելով վախցնել Հայաստանը, որպէսզի վերջինս զիջի տարածքներ եւ միջանցքի իրաւունքները` այդպիսով փորձելով խուսափել ներխուժումէ», կ՛ըսուի հիմնարկի հաղորդագրութեան մէջ։
«Լեմքին» հիմնարկը դիտել կու տայ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան աղէտալի ներխուժումէն խուսափելու համար, որ մեծապէս պիտի վտանգէ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը, յառաջիկայ տասնամեակներուն, Հայաստանի եւ անոր դաշնակիցներուն համար հրամայական է ամէն ինչ ընելը, որպէսզի ներխուժումը ցանկալի չըլլայ Ատրպէյճանի համար: «Արեւմտեան ուժերը, որոնք խրախուսեցին Հայաստանը՝ հեռանալու Ռուսիայէն (այն պետութենէն, որ աւանդաբար կը պաշտպանէ Հայաստանը թրքական եւ ատրպէյճանական յարձակումներէն եւ ծաւալապաշտականութենէն, եւ որուն քննադատները կը պնդեն, որ ան չկրցաւ պաշտպանել Հայաստանը ներխուժումէ՝ իբրեւ ՀԱՊԿ անդամ), պէտք չէ ձեռնածալ մնան եւ պէտք է գործեն, մինչ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր ցեղասպանութեան սկիզբ մը կ՛եռայ: Նման մակարդակի անպատժելիութիւն՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ եւ Թուրքիոյ արտօնութեամբ կատարուած ցեղասպան վայրագութիւններուն նկատմամբ, միայն անոնց յաւելեալ յանդգնութիւն պիտի տայ շարունակելու յարձակումները եւ ծաւալապաշտականութեան իրենց ապակայունացնող օրակարգը Հարաւային Կովկասի, Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ», կը յայտնէ «Լեմքին» հիմնարկը։
Ըստ նոյն հաղորդագրութեան՝ արեւմտեան երկիրները պէտք է օգնեն Հայաստանին՝ ամրապնդելու իր ինքնիշխան սահմանները եւ դիւանագիտական դիրքերը տարածաշրջանին մէջ։ Անոնք այս մէկը կրնան ընել՝ պնդելով, որ հայկական կողմը վերահսկէ իր տարածքով անցնող որեւէ միջանցքի։ Այդ երկիրները նաեւ կրնան առաւել եւս աջակցիլ Հայաստանին իր ինքնիշխանութեան ապահովման ուղղութեամբ` ստիպելով Ատրպէյճանը, որ դուրս բերէ իր զինուած ուժերը սահմանամերձ շրջաններէն, պատժամիջոցներ կիրարկէ ալիեւներու ընտանիքին նկատմամբ եւ կասեցնէ Ատրպէյճանի ներկայի վիզայի եւ ուժանիւթի համաձայնագիրները Եւրոպական Միութեան հետ, ինչպէս կ՛առաջարկուի Եւրոպական խորհրդարանի 5 Հոկտեմբերի բանաձեւով: Հիմնարկը յատկապէս կը նշէ, որ Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգները եւս այս առումով կրնան քայլերու դիմել։
«Եթէ արեւմտեան աշխարհը շարունակէ անտեսել ցեղասպանութիւնը եւ կատարելապէս ընդունի զայն` իբրեւ օրինական լուծում անլուծելի այն հակամարտութիւններուն, որոնք ստեղծուած են ու կը շարունակուին Ատրպէյճանի նման վարչակարգերու կողմէ, անիկա ոչ միայն յետ-ցեղասպանութեան աշխարհի կանոններուն վրայ հիմնուած կարգի վերջը պիտի յայտարարէ, այլ նաեւ սկիզբ պիտի դնէ ցեղասպանութեան դարաշրջանին, որ պիտի ըլլայ շատ աւելի կործանարար, քան ամբողջ աշխարհի մէջ տարածքներու վերահսկողութեան եւ քարիւղի պաշարներու տիրացման միտող վերջին խելագար խուճապող յատկանշուածը», կ՛եզրափակէ «Լեմքին» հիմնարկի հաղորդագրութիւնը։