Ազգային առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի մատրան նաւակատիքին՝ Ս. Տրդատ թագաւորի եւ Ս. Աշխէն թագուհիի անուանակոչութեան օրը, Շաբաթ, 30 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6։30ին։
Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Ս. Պատարագին կարելի պիտի ըլլայ ուղղակի հետեւիլ առաջնորդարանի կողքին գտնուող «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ զետեղուած լուսապաստառին վրայ։